«Եռագոյն». Այսօր, Մարտ 18-ի յետմիջօրէին, Հալէպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ խախտեցին զինադադարը ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ Գանձասար շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։ Անոնք Պոսթան Փաշայի շրջանէն Նոր Գիւղի շրջանը (Սահաթ Բէժօ) հրթիռակոծեցին, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ 1955-ի ծնունդ Նուարդ Ֆուրունճեան-Ասատուրեան եւ վիրաւորուեցան շարք մը քաղաքացիներ։
Բարեբախտաբար վիրաւորներուն վիճակը մտահոգիչ չէ։