Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլլզ անցեալ շաբթուայ ընթացքին հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի, Պոսթընի, Ֆրեզնոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Հայ համայնքի քաղաքական, կրօնական, բարեսիրական եւ այլ կազ մակերպութիւններու ղեկավարութեան հետ:
Մարտ 10-ին, Դեսպան Ռիչըրտ Միլլզ հանդիպում ունեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ:
ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Խոտանեանի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները դեսպանին ներկայացուցին Կուսակցութեան տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները` Հայաստանի ներքին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերու մասին ու պահանջեցին, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը աւելի խստապահանջ գտնուի ու ազդու կերպով օգտագործէ իր ունեցած լծակները, ճնշում գործադրելու համար Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ` երկրէն ներս իսկական բարեփոխումներ յառաջացնելու համար:
Հնչակեան ներկայացուցիչները անդրադարձան Սահմանադրական հանրաքուէի ընթացքին արձանագրուած խախտումներուն եւ ընտրական նոր օրինագիծի որոշ կէտերուն, որոնք յոյս չեն ներշնչեր, որ գալ տարի տեղի ունենալիք Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները պիտի կայանան ազատ եւ արդար պայմաններու տակ:
Հնչակեան ներկայացուցիչները շեշտեցին որ, դատական համակարգի անկախութեան բացակայութիւնը եւ կորուպցիայի համակարգային բնոյթը պատճառ կը հանդիսանան, որ շատ մը Ամերիկահայ գործարարներ երկար մտածեն իրենց հայրենիքէն ներս ներդրումներ կատարելէ առաջ:
Սփիւռքի ամենէն հայաշատ կեդրոնը նկատուող Լոս Անճելըսի մէջ, Դեսպան Միլլզ ունեցաւ նաեւ հրապարակային ելոյթներ, որոնց ընթացքին ան պարզեց իր տեսակէտները Հայաստանի ներկայ իրավիճակի մասին: Ան յայտնեց թէ, որոշ բնագաւառներէն ներս արձանագրուած է դրական յառաջդիմութիւն, յատկապէս կաշառակերութեան դէմ պայքարի գծով դեսպանատան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ համագործակցութիւնը տուած է դրական որոշ արդիւնքներ: Այլ մարզերու մէջ, ըստ Դեսպանի, հարցերը աւելի դանդաղ կ’ընթանան:
Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Ռիչըրտ Միլլզ բարձր գնահատեց Հայաստանի երիտասարդութեան մասնակցութեամբ` հասարակական կազմակերպութիւններու ծաւալած գործունէութիւնը, որոնք յոյս կը ներշնչեն երկրի ապագային նկատմամբ:
ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Մամլոյ Դիւան