Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ֆրանսիան չի երաշխավորում Հաղթանակի կամարի տակ Խոջալուի համար տեղի ունեցած արարողությունը. CCAF-ի համանախագահների հաղորդագրությունը

Մարտ 09,2016 13:48

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան Երկուշաբթի, Մարտ 7-ին ընդունուած են Նախկին ռազմիկներու հարցերու պետական քարտուղար Ժան-Մառք Թոտեսքինիի կողմէ:

CCAF-ի համանախագահները դատապարտած են Ազէրպայճանի կողմէ ի գործ դրուած քարոզչական արշաւը, ինչպէս՝ Փետրուար 26ին Փարիզի Յաղթանակի կամարին տակ տեղի ունեցած բոցի արծարծման արարողութիւնը, որ կազմակերպուած է ընդառաջելով Ազէրպայճանի դեսպանատան դիմումին: Պաքուի քարոզիչները այդ պահը վերածած են Խոճալուի զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան մը:

Նախկին ռազմիկներու հարցերու պետական քարտուղարը ցաւ յայտնած է ի տես Պաքուի կատարած չարաշահումին, շեշտելով, որ Ֆրանսական պետութիւնը բացարձակապէս չ՚երաշխաւորեր նման արարողութիւններ: Աւելցուցած է, թէ Բոցի արծարծման յանձնախումբը բոլորովին անկախ մարմին մըն է եւ թէ երբեք չի դիմեր Ֆրանսայի կառավարութեան, Յաղթանակի կամարին տեղի ունեցող արարողութիւններուն մասին ոչ անոր կարծիքը առնելու ոչ ալ զայն տեղեակ պահելու համար:

Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան շեշտը դրած են Պաքուի նախաձեռնութեան ստայօդ բնոյթին վրայ, որու միջոցով ան կը փորձէ մոլորել հանրային կարծիքը, գործածելով՝ ֆրանսական կառավարութիւնը:

Այս հանդիպման արդիւնքէն ի յայտ կու գայ, որ ազէրպայճանական դիւանագիտութիւնը փորձած է քարոզչական ձեռնարկ մը, որ յաջողած է ֆրանսական որոշ շրջանակներու մօտ՝ Պաքուի լոպիին տարած աշխատանքին շնորհիւ:

CCAF-ի համանախագահները հանդիպումէն դուրս ելած են ապահովուած: Բոցի արծարծման յանձնախումբը այսուհետեւ զգօնութեան պիտի հրաւիրուի ֆրանսական կառավարութեան կողմէ:

Համանախագահները Մարտ 3ին հետեւեալ նամակը ղրկած էին Մանիւէլ Վալսին.-

Պարոն վարչապետ,

CCAF խոր ընդվզումով տեղեկացաւ, որ Փետրուար 26-ին, Յաղթանակի կամարին տակ՝ «Խոճալուի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման» արարողութիւն մը տեղի ունեցած է, Ազէրպայճանի դեսպան Պ. Էլչին Ամիրպայովի ներկայութեամբ։ Նոյն նպատակով, Փետրուար 25-ին ալ համերգ մը տրուած է Էնվալիտի Սէն-Լուի եկեղեցւոյ մէջ, որ կախեալ է Բանակներու թեմէն։

Ազէրպայճանի կողմէ ծրագրուած այս ձեռնարկները մաս կը կազմեն քարոզչութեան մը, որ կը միտի Հայերը ցոյց տալու որպէս «ցեղասպաններ» եւ աւելին՝ ատիկա կը կատարուի Ֆրանսայի կողմէ ալ պաշտօնապէս ոգեկոչուած՝ 1915ի Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի ճիշդ վաղորդայնին։

Այն դէպքերը որոնց կ՚ակնարկեն այս ձեռնարկները, «ցեղասպանութեան» հետ ոչ մէկ կապ ունին։ Անոնք պատահած են Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին, որ երկու կողմերէն 30.000 զոհեր խլեց։

Անմեղ հազարաւոր հայ քաղաքացիներ կոտորուեցան այդ հակամարտութեան ընթացքին, թէ՛ պատերազմի հուրին ներքեւ (Ստեփանակերտի անվերջ հրթիռակոծում, ապա նաեւ 1992 Ապրիլ 10ին՝ Մարաղայի հոլոքոսթը), կամ ալ ճակատէն հարիւրաւոր մղոններ հեռու, հրադադարի պայմաններու մէջ. 1988 Փետրուար 28ին եւ յաջորդող օրերուն՝ Սումկայիթի ջարդը (հարիւրաւոր զոհեր), 1990 Յունուար 13էն 19 Պաքուի ջարդերը (շուրջ 400 զոհ), 1988 Նոյեմբերին Կիրովապատի ջարդը, որ պատճառեց աւելի քան հարիւր զոհ եւ մեծ թիւով քաղաքացիներ ալ անհետացան։

Այս պատերազմին մասին ֆրանսական հանրային կարծիքին անգիտութիւնը շահագործելով՝ Հայերը որպէս «ցեղասպաններ» ներկայացնելու Ազէրպայճանի գործընթացը ինքնին անընդունելի է։ Իսկ Ֆրանսայի պաշտօնական վարչական շրջանակներուն՝ ալիեւեան վարչակարգին լայնօրէն նպաստած քարոզչական այդ գործողութեանց մասնակից դառնալը՝ բազմաթիւ հարցականներու տեղի կու տայ։ Մանաւանդ, որ Ֆրանսա հակամարտութեան լուծումին կոչուած Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր ըլլալով, լաւատեղեակ է անցուդարձին։

Հայոց դէմ ուղղուած զրպարտական այս գործողութիւնները, որոնք կ՚երաշխաւորուին Ֆրանսայի Հանրապետութեան կողմէ, իսկական գրգռութիւններ են, որոնք խորապէս կը ցնցեն ծագումով հայ Ֆրանսացիները, որոնք լաւ կը գիտակցին «ցեղասպանութիւն» եզրին բուն կշիռին։

Ա՛լ աւելի կը դժուարանանք հասկնալու այս խեղաթիւրումներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ակներեւ հաճոյակատարութիւնը, մինչ գիտենք ձեր փարումը հայ ժողովուրդի դատին, զոր Հանրապետութեան նախագահը Յունուար 28ին, CCAF-ի ընթրիքին բնութագրեց որպէս՝ «արդարութեան դատը»։

Սպասելով ձեր պատասխանին, Պարոն Վարչապետ, կը փոխանցենք մեր բարձրագոյն յարգանքներուն հաւաստիքը։

Մուրատ Փափազեան
Արա Թորանեան

«Նոր Յառաջ»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031