Կիներու միջազգային օրուան առթիւ, տօնական մաղթանքով եկէք չբաւարարուինք, այլ՝ ընկերային, միութենական եւ ընդհանրապէս բոլոր ոլորտներուն մէջ այր եւ կին սեռերուն միջեւ ամբողջական հաւասարութեան համար աշխատելու յանձնառութեան պատրաստակամութիւն յայտարարենք:
Այդ յանձնառութիւնը մեզ պիտի պարտաւորեցնէ՝
ա.- Հայաստանի եւ մեր ապրած երկիրներուն մէջ զօրակցիլ կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան, կիներու նկատմամբ գործի, վարձատրութեան եւ վերաբերմունքի հաւասարութեան ջատագովներուն.
բ.- Մեր անմիջական շրջապատին, մեր միութենական ու կազմակերպական իրականութեան մէջ հետապնդել, որ կիները հաւասարապէս կիսեն բոլոր մակարդակներու պատասխանատուութիւններ: Այս հանգրուանին, անմիջական վիճակախոյզ մը պիտի պարզէ այն մեծ բացակայութիւնը, որ կիներունն է՝ մեր ղեկավար օղակներուն մէջ:
Վերջին շրջանին որոշ բարելաւում մը կրնանք նկատել ոչ թէ այս իրավիճակի փոփոխութեան տեսակէտէն, այլ, առնուազն, խնդիրին անդրադառնալու եւ անոր այժմէականութեան հանդէպ զգայնութիւն զարգացնելու ուղղութեամբ: Յուսալի է, որ արդէն իսկ ձեռնարկուին քայլեր՝ հաւասարեցնելու կիներու թիւը թէ՛ միութեանց շարքերուն, եւ թէ ղեկավար կազմերուն մէջ։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում