Ուրեմն՝ յեղափոխութի՛ւն, նաեւ՝ ընտրական համակարգին մէջ։ Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի ընտրութիւններու գործընթացին հայ քաղաքացին կը հաւատայ այնքա՛ն, որքան Յիսուս՝ Յուդայի համբոյրին։ Ընտրական նոր Օրէնսգիրքը պէտք է երաշխաւորէ, խօսքով ու մանաւանդ՝ գործով, հայ քաղաքացիի քուէին ազատութիւնը, անփոխելիութիւնը եւ անկաշառելիութիւնը։ Յեղափոխութեան առաջին քայլը պիտի ըլլայ քուէարկող քաղաքացիներու ցուցակներուն պարտադիր հրապարակումը, բան մը, որ Դաշնակցութեան պահանջը եղած է տարիներէ ի վեր։
Յեղափոխութեան պէտք է սկսիլ հիմա՛, երկրի դատական իշխանութիւններուն մէջ։ Ո՞վ չի գիտեր, որ երկրի արդարադատութիւնը ամէն ինչ է, բացի… արդար ըլլալէ։ Եւ որպէսզի հայ քաղաքացին ինքզինք զգայ օրէնքով պաշտպանուած եւ օրէնքին առջեւ՝ բոլորին հաւասար, յեղափոխական քայլեր պէտք է առնել՝ մաքրելու համար արդարադատութիւնը անարդարութենէն, եւ երաշխաւորելու համար անոր անկախ եւ անկաշառ գործունէութիւնը։
Յեղափոխութիւն, այո՛, երկրի տնտեսութեան ղեկավարման մէջ, վճռական ու յանդուգն որոշումներու կայացումով ու գործադրութեամբ, որպէսզի մէկանգամընդմիշտ դադրի մենաշնորհեալներու սանձարձակ գործունէութիւնը եւ անոնց հովանաւորութեամբ ծաղկող աւերիչ փտախտը, այսպէս կոչուած՝ կոռուպցիան։ Որպէսզի իրաւազուրկ, չոր հացով ապրող հայ աշխատաւորին ու գիւղացիին թափած քրտինքը չվատնուի շահագործող ցեցերու կողմէ։
Վճռական քայլերով՝ շօշափելի, իրական, տեսանելի արդիւնքները միայն կրնան համոզիչ ըլլալ ու արդարացնել որեւէ համաձայնագիր, որուն տակ դրուած է Դաշնակցութեան սուրբ կնիքը։ Ահաւասիկ թէ ի՛նչ յեղափոխութեան մասին է խօսքը՝ դժուար, բայց իրագործելի՛, որուն արդիւնաւէտութիւնը տեսնելու համար, սկիզբը պէտք է դնել հիմա՛ ու շարունակել տքնաջան աշխատանքով, դաշնակցականավայել պայքարով։
Րաֆֆի Տուտագլեան
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում