ՀՀԿ-ՀՅԴ Համագործակցութեան Համաձայնագիրին Մասին
Դաշնակցութեան համախոհական դաշինքը պր. նախագահի կուսակցութեան հետ տրամաբանական շարունակութիւնն է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Նոյեմբեր 8, 2012ին հրապարակուած յայտարարութեան, որով յստակացուած են մեր կուսակցութեան առաջադրութիւնները երկրէն ներս համակարգային փոփոխութիւններ կեանքի կոչելու:
Պէտք չէ մոռնալ, որ այդ օրերուն Դաշնակցութիւնը յատուկ ճիգ ըրաւ արմատական փոփոխութիւններու իր ծրագիրը հետապնդելու ընդդիմութեան իսկ հաւաքական դիրքերէն՝ առանց սակայն շօշափելի արդիւնքի հասնելու: Այս փաստը պէտք է կարեւորութեամբ արձանագրել: Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած ծրագիրը (որ կը բաղկանար 7 թուագրուած եւ մէկ անթուակիր կէտերէ) սերտօրէն առնչուած էր մեր երկրի այսօրուան խնդիրներուն եւ Դաշնակցութիւնը քանիցս յստակ ըրաւ, որ էականը ծրագիրին անյապաղ իրագործումն էր՝ կոչ ընելով երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն խմբուելու այս կենսական օրակարգին շուրջ: Մենք պերճանքը չունէինք գործը ձգձգելու եւ չունի՛նք այսօր: Չունինք շռայլութիւնը տեղքայլի: Չունինք բարոյական իրաւունքը երկրի քաղաքական դաշտի աւազախրումը ընդունելու որպէս կեանքի նորմ եւ թոյլ տալու, որ ժամանակը քալէ մեր պետականութեան վրայէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը հնարաւորութիւն ընծայեց, որ մեր ազգային համաձայնութեան եզրերը վերջապէս սկսէին յստականալու: Հարիւրամեակի Հռչակագիրը առաջին կարեւոր հանգրուանն էր մեր ազգային տեսլականի բաղկացուցիչները հանրագումարի բերելու: Դաշնակցութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ այդ փաստաթուղթի ձեւաւորման մէջ:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում