Համաժողովրդային ընդվզումներու, բողոքի ու ապստամբութեան տարերային դրսեւորումներու ամիս է Փետրուարը:
Փետրուարին է որ կը տօնենք յանուն խղճի ու հաւատքի ազատութեան՝ Վարդանանց խոյանքը, անհաւասար մարտի նետուելու եւ մարտիրոսութեան գնով թշնամիին առջեւ ծունկի չգալու վճռականութիւնը:
Փետրուար 18ին կը փառաւորենք մեր նորագոյն շրջանի պատմութենէն փրցուած՝ բռնութեան ու անարդարութեան դէմ պոռթկումն ու ընդվզումը, պոլշեւիկեան ապազգային վարքագիծին դէմ ծառացումը:
Փետրուարը նաեւ ազդարարեց պատմական շրջադարձը, ամէնէն անհաւանական, ամէնէն անհաւատալի երազներուն ի խնդիր համազգային խիզախութեան յաղթական երթի սկիզբը՝ խորհրդային բռնատիրական վարչակարգին դէմ Արցախեան պահանջատիրական շարժումով սկսած ու հող ազատագրելու, ազգային ինքնորոշման իրաւունք ամրագրելու ձեռքբերումով աւարտած:
Փետրուարեան այս պատմակշիռ իրադարձութիւնները մեզի կը յուշեն, որ մեր ժողովուրդը իր մէջ մշտապէս պահած ունի անարդարութիւնը մերժելու եւ իր իրաւունքներու ոտնահարումին դէմ պայքարելու ներուժ, որ կրնայ որեւէ պահու ժայթքիլ՝ համաժողովրդական տարերային իր բողոքը արտայայտելով տարաբնոյթ պոռթկումներով:
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում