Նախապէս հաղորդած էինք, որ Հալէպ քաղաքը վերջին օրերուն կ՛անցնի պատերազմական շատ ծանր հանգրուանէ մը: Արդարեւ, անցնող շաբաթը եւ յատկապէս վերջին քանի մը օրերուն սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ: Այս մասին կը յայտնէ Perio News:
Հետեւաբար, մինչեւ այս վայրկեանս Հալէպի հայաբնակ թաղամասերէն ոչ շատ հեռու՝ ծայրամասային շրջաններու մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններուն պատճառով մերթ ընդ մերթ կը լսուին տարբեր զէնքերու հրաձգութեան եւ ռումբերու ահեղ ձայներ, որոնց պատճառը քանի մը օրէ ի վեր սուրիական բանակի եւ զինեալ ընդդիմադիրներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներն են: Վերոնշեալ պատճառով ալ վերջին քանի մը օրերու ընթացքին բազմացաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծումները ընդհանրապէս Հալէպ քաղաքի զանազան շրջաններ, որոնց կարգին է նաեւ քրիստոնեաբնակ եւ հայաբնակ շրջանները:
Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի կայքում