Եռագոյն. Նախապէս հաղորդած էինք, որ վերջին քանի մը օրերու ընթացքին բազմացաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծումները ընդհանրապէս Հալէպ քաղաքի զանազան շրջաններ, որոնց կարգին է նաեւ քրիստոնեաբնակ եւ հայաբնակ շրջանները:
«Բերիոյ նիւզ»-ը կը հաղորդէ, որ մէկ կողմէ սուրիական կառավարական զօրքը, ռուսական օդուժի աջակցութեամբ, յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ Հալէպի շրջակայքը: Միւս կողմէ, Հալէպի երբեմնի հայաշատ թաղամասերուն մէջ մերթընդմերթ ռումբեր կը պայթին, իսկ ահաբեկիչները այնքան մօտ են, որ անոնց ինքնաշէն «հրթիռները»` հիմնականօրէն կազի տակարներէ պատրաստուած, շատ դիւրին կը հասնին բնակելի թաղամասեր ու զգալի մարդկային ու նիւթական վնասներ կը հասցնեն:
Վերջին նման դէպք երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ` Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի ՍՕԽ-ի Հալէպի Ընկերաբժշկական կեդրոնը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Հայ Ծերանոցի ու ճեմարանի մօտ: Հրթիռներ արձակուեցան նաեւ Սիւլէյմանիէ, Գաթթրիի շրջան, Թելեֆոն Հաուաի, ալ-Ճապրիյէ, Մէյսելուն, Ազիզիէ եւ այլ տեղեր:
Կարդացեք նաև
Արդարեւ, Հալէպի մէջ պայթիւնները, աւերածութիւնները, ռումբերն ու հրթիռները տակաւին կը շարունակուին:
Տակաւին չենք խօսիր խափանուած ջրամատակարարումին ու ելեկտրականութեան մատարակարումին մասին: Բնականաբար զգալի վնասներ կրեց անգամ մը եւս հայ համայնքին պատկանող ունեցուածքը` եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային վայրեր, բնակարաններ, աշխատավայրեր, խանութներ: Պէտք է ըսել, որ ՍՕԽ-ի Հալէպի Ընկերաբժշկական կեդրոնը բացի մուտքի բարձրացած պատէն ընհանրապէս ամբողջութեամբ քանդուած է: