Սթամպուլահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեանը, որ ազատազրկման մէջ կը գտնուի Սուլթանհիսարի փակ վարչաձեւի բանտի մէջ, 11 օրով տեղափոխած են պատժիչ խուց: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական T24-ը:
Բանտի տնօրինութեան նման որոշման պատճառը այն է, որ պոլսահայ մտաւորականի մօտ յայտնաբերած են համացանց մատակարարող սարք եւ կրիչ, որ արգիլուած է բանտի մէջ: 2014 թուականի Յունուարէն՝ 11 տարի ժամկէտով՝ ազատազրկման մէջ գտնուող Սեւան Նշանեանը Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է այն բանի համար, որ օրէնքով իրեն պատկանող տարածքին մէջ «ապօրինի» շինարարութիւն կատարած է:
Թրքական մամուլը աւելի վաղ յայտնած է, որ Սեւան Նշանեանի ձերբակալութիւնը իշխանութիւններու սարքած գործն է, քանի որ մտաւորականը բազմիցս հանդէս եկած էր թրքական կառավարութեան սխալներու հրապարակային քննադատութեամբ:
Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի կայքում