Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

Պատառիկներ ՝ երազային Արեւմտահայաստանէն

Փետրվար 10,2016 13:41

«Պտոյտ Մը Պոլսոյ Թաղերուն Մէջ»

 Վարդգէս Գուրուեան

Այա Սօֆիա

Այա Սօֆիայի Տաճարը Բիւզանդական Կայսրութեան ժամանակ ամենասուրբ վայրն էր Յունական Եկեղեցիին համար։ Իր կառուցումէն (537) ետք, 916 տարի ան գործածուած է որպէս եկեղեցի, ապա, Կ.Պոլսոյ գրաւումէն ետք (1453)` 481 տարի ալ որպէս մզկիթ։ «Իսլամանալէն» ետք, Այա Սօֆիայի պատերը կիրով ծեփուեցան որպէսզի քրիստոնէական սրբապատկերներն ու գրութիւնները ծածկուին։ Բնականաբար տաճարին չորս կողմերէն մինարէները սունկերու պէս վեր բարձրացան, Աստուծոյ եւ Քրիստոնեաներու սիրտերը խոցելու։ Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթիւրքի հրահանգով, այդ ծեփերը մաքրուեցան եւ 1935-էն ետք եկեղեցին վերածուեցաւ թանգարանի։

«Այա Սօֆիա» կը նշանակէ «Աստուածային Իմաստութիւն»։

360 թուականին, Բիւզանդիոնի Կոստանդին Կայսրը Այա Սօֆիայի ներկայ վայրին վրայ «Մեծ Եկեղեցի»ն (Մէղալօ Էքլէսիա) շինել տուաւ, որը սակայն հրդեհի զոհ գնաց։ 416-ին, Թհէօտօսիուս Կայսրին հրամանով նոր եւ աւելի մեծ եկեղեցի մը շինուեցաւ նոյն վայրին վրայ։ 532-ի «Նիքա»ի արիւնալի ապստամբութեան ժամանակ այս նոր եկեղեցին ապստամբներու կողմէ կործանեցաւ։

«Նիքա»ի ապստամբութիւնը ճզմուելէն ետք, Յուստինիանոս Կայսրը ներկայ տաճարին կառուցումին սկսաւ։ Տաճարին կառուցումը տեւեց 5 տարի, ուր 100 մասնագէտ ճարտարապետներ եւ 10,000 արհեստաւորներ աշխատեցան շինութեան վրայ։ Միջերկրականեան երկիրներէն բերուեցան լաւագոյն մարմարները։ Եկեղեցիին գլխաւոր չորս կանանչ կրանիթեայ սիւները բերուեցան Եփեսոսոի «Հարպըր Ճիմնազիում»էն, չորս անկիւններու հսկայական ծիրանագոյն սիւները եկան Պաալպէքի Աբօլլօյի մեհեանէն։ Եկեղեցիին հսկայական (աշխարհի ամենաբարձր) գլխաւոր գմբէթը վեր բռնելու համար գործածուած են 40 հիմնական եւ 67 պատշգամներու սիւները։ Որպէսզի գմբէթը շատ ծանր չ՚ըլլայ, Ռոտոսի կղզիէն բերուած են մասնաւոր, թեթեւ կղմինտրէ պատրաստուած աղիւսներ։ Իրարայաջորդ կայսրերը եկեղեցին զարդարած են բիւզանդական ոճի մօթիֆներով, մոզայիք սրբապատկերներով եւ Սուրբ Գիրքէն գրութիւններով։ Պատերուն վրայ կը գտնենք Յունական եկեղեցւոյ նշանաւոր Պատրիարքներու նկարները։ Քանի որ Իսլամները «սրբապատկերներ»ու դէմ են, պատերուն վրայ կը տեսնենք շրջանի իսլամ նշանաւոր մեծամեծներու անունները միայն, արաբերէն գեղագիրներով գրուած։

Մուտքի ձախ կողմը կայ երանկիւնաձեւ մարմարեայ սիւն մը որ «Լացող Սիւն» կամ «Խոնաւ Սիւն» կը կոչուի։ Ըստ աւանդութեան, եթէ մատդ այդ «Լացող Սիւն»ի ծակերէն մէկուն մէջ մտցնես եւ մատդ խոնաւնայ, փափաքդ կը կատարուի։ Ես փորձեցի, եւ տակաւին կը սպասեմ փափաքներուս իրականացման … ։

1204-ին, երբ Խաչակիրները Կ. Պոլիսը գրաւեցին, Այա Սօֆիա եկեղեցին վերածեցին Լատինական, կաթողիկէ եկեղեցիի։ Երբ անոնք հեռացան Կ.Պոլիսէն, որպէս «խաչակիր»ներ, ոսկիայ խաչերը «կրեցին» իրենց հետ, ինչպէս նաեւ սրբապատկերները եւ եկեղեցւոյ գանձը կողոպտելով միասին տարին։

Երբ ուխտագնացներս սիւնազարդ միջանցքներէն թանգարան – եկեղեցին մտանք, մեզմէ առաջ հաւանաբար աւելի քան հազար զբօսաշրջիկներ ներսն էին։ Եկեղեցի-թանգարանի մէկ մասը վերանորոգումի մէջ էր։ Մուտքին ճիշդ դիմացը, մայր խորանին վրայ Աստուածածինի մեծադիր նկարը կայ, Յիսուս Մանուկը գրկած։ Սրբապատկերին աջ եւ ձախ կողմերը կը տեսնենք Կոստանդին եւ Յուստինեանոս Կայսրերուն նկարները իրենց ընտանիքներով։ Քիչ մը աւելի առջեւի պատին աջ կողմին վրայ մեծադիր արաբերէն տառերով գրուած է «Ալլահ», իսկ ձախ կողմը՝ «Մուհամմէտ»։ Կողմակի պատերուն վրայ գրուած էին առաջին չորս խալիֆաներու անունները, Ապու Պէքիր, Օմար, Օսման եւ Ալի։ Մուտքի դրան երկու կողմերն ալ գրուած էին Մուհամմէտի երկու թոռներուն անունները ՝ Հասան եւ Հուսէյն։ Հոս փակագիծ մը բանալով դրուագ մը պատմեմ։ Օսմանցի Սուլթաններէն մէկուն զաւակները «Հասան» եւ «Հուսէյն» կը կոչուէին։ Սոլթանը «ֆէրման» մը կը հանէ, որով կը հրահանգուի բոլոր եկեղեցիներու մէջ, Պատարագի ժամանակ այդ անուններն ալ յիշել։ Կիրակի մըն ալ երկու թուրք լրտեսներ եկեղեցի կու գան ստուգելու որ քահանան այդ անունները պիտի յիշէ՞։ Մեր քահանան ալ քարոզի ժամանակ կ՚ըսէ որ «երբ մարդիկը հիւսիւսէն Յիսուսին քով հասան …»։ Լրտեսները գոհ սրտով կը վերարառնան իրենց տիրոջ քով։ Որպէսզի կարենայինք գմբէթը տեսնել, գլուխնիս պէտք էր 90 աստիճանով ետ տանէինք։ Տասնեակներով յախճապակեայ հսկայ ջահեր կը լուսաւորէին եկեղեցի-թանգարանը։ Պատերուն վրայ իւրաքանչիւր կէտը ծածկուած էր զարդանկարներով կամ զանազան կերպերով։

Այա Սոֆիա եկեղեցի-թանգարանին մէջ կան նաեւ սուլթաններու կողմէ տրուած «ֆէրման»ներ, արաբատառ շատ գեղեցիկ, Օսմանեան ոճով գեղազարդարուած։ Այս “calligraphy”ներուն իւրաքանչիւրը արուեստի գործեր են։ Հաւանաբար այդ գրիչներէն ոմանք հայեր եղած են։

Յոյները եւ Օրթոտոքս Եկեղեցին տակաւին յոյսը ունին որ «օր մը» Այա Սոֆիան իրենց պիտի վերադարձուի։ Տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ, Ռուս-Թրքական վերջին խնդիրներուն ժամանակ, Ռուսական կարգ մը թերթեր եւ պետական պաշտօնեաներ յիշեցուցին թուրքերուն որ Այա Սոֆիան Օրթոտոքս Եկեղեցիին կը պատկանի եւ զայն պէտք է իր տէրերուն վերադարձուի … ։

Աշխարհի այս ամենագեղեցիկ եւ ամենափառաւոր եկեղեցիներէն մէկուն մասին աւելի յստակ գաղափար մը կազմելու համար անհրաժեշտ է անձամբ այցելել եւ վայելել յունա-օսմանական արուեստներուն մեկտեղումը զարմանահրաշ եւ փառաւոր միջավայրի մէջ։

Օր մը, երբ Իսթանպուլը վերագրաւուի Յոյներուն կողմէ, Այա Սոֆիան ալ կը վերասրբագործուի … ։

Իսթանպուլի Գոց Շուկան (Գափալը Չարշը)

Աւելի քան 3500 խանութներ կամ կրպակներ 80 փողոցներու երկայնքին փռուած մաս կը կազմեն Իսթանպուլի Գոց Շուկային։ Մօտ 15,000 ծախողներ ժրաջան կ՚աշխատին այս խանութներուն մէջ։ Նուրօսմանիէի մայր դռնէն զատ 17 մուտքերով կարելի է մուտք գործել այս շուկայէն ներս։ Բացի խանութներէն, 7 աղբիւր-շատրուաններ, մզկիթ մը եւ 12 «աղօթատեղիներ» կան շուկային մէջ։

12 երկրաշարժներէ եւ 9 մեծ հրդեհներէ ետք, 1954-ին շուկան գտաւ իր ներկայի ձեւը։

Մեր այցելութեան վերջին օրը այս շուկան պիտի այցելէինք։ Պասը նախ մեզ Պոլսոյ նեղուլիկ թաղերէն հայկական հին շրջանները տարաւ։ Կը զարմանայինք որ ինչպէ՞ս այսքան նեղ թաղերէն այդ հսկայ պասը կրնայ շարժիլ։ Յանկարծ տեսանք որ ճամբաներէն մէկը փորած էին խողովակներ զետեղելու։ Գամուած մնացինք։ Շարժավարը ոչ կրնար ետ-ետ երթալ, ոչ ալ առաջ։ Մարդը գնաց գործաւորներուն ըսելու որ փոսը լեցնեն որպէսզի պասը կարենար իր ճամբան շարունակել։ «Տէլի մը սըն նէ սըն» (խե՞նդ եւ ի՞նչ ես) եղաւ մարդոց պատասխանը։ Շարժավարը եւ աշխատողները թրքերէնով շատ «մաքուր» եւ «երաժշտախառն ելեւէջներով» հայհոյանքներ փոխանակել սկսան։ Ժամէ մը աւելի հոն վատնելէն ետք, քալելով ետ դարձանք եւ ուրիշ պասով մը շուկայ գացինք։

Մարդուս միտքէն ի՞նչ կ՚անցնի, շուկային մէջ կը ծախէին։ Օսմանցիներուն ժամանակ գերիներ ալ կը ծախէին եղեր։ Գորգավաճառներէն մինչեւ ոսկերիչները, անուշավաճառներէն մինչեւ տեսակաւոր համեմունքներ ծախողները, յուշանուէրներէն մինչեւ հագուստեղէն ծախողները, կօշիկներէն մինչեւ խաղալիք ծախողները, մէկ խօսքով, ծախու էր «ամէն բան»։ Մեզի համար, մանաւանդ մեր կիներուն համար, նուազագոյնը երեք օր պէտք էր «քիչ մը գնում» ընելու, բայց հազիւ քանի մը ժամ ունէինք։ Գեղեցիկ յուշանուէրներ, անուշեղէններ (խենդանալիք լոխումներ ունէին անպիտանները), եւ ուրիշ բաներ գնելնէ ետք, որոշուած դռնէն դուրս ելանք։ Շուկային ճիշդ դուրսը, ձեռքի վրայ, տեղական, եւրոպական եւ ամերիկեան նշանաւոր անուշահոտներ եւ «Ռոլէքս» ժամացոյցներ կը ծախէին։ Անուշահոտերուն գինը «մեռցնելէն» ետք քանի մը հատ գնեցինք, իսկ ժամացոյցները, քանի որ «թախլիթ» (կեղծ) էին, չ՚առինք։ Փերեզակները մինչեւ պասը մեզի հետեւեցան (150-200 մեդր) որպէսզի իրենց ապրանքները ծախէին։ Լաւ որ Ալիսը քովս էր, ապա թէ ոչ քանի մը հարիւր տոլար կը ծախսէի։

Հասանք պանդոկ եւ սկսանք վալիզները պատրաստել յաջորդ առտու մեր տուները վերադառնալու։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29