Եռագոյն. Այժմեան Թուրքիոյ Մալաթիա նահանգի Տարենտէ շրջանին մէջ քանդուած է պատմական հայկական շինութիւն:
Թրքական «Sondakika» լրատուական կայքին տեղեկութիւններով` Տարենտէի քաղաքապետարանը որոշում կայացուցած է կազմաքանդել շրջանի բոլոր կիսաքանդ շինութիւնները: Այդ որոշման ծիրէն ներս կազմաքանդուած է նաեւ Տարենտէի «Հայիք Էրթեղի» թաղամասի ամենահին տուներէն մէկը` ժողովուրդի մէջ «Տեմիրճիլեր Էւիր (Երկաթագործներու տուն) անունով յայտնի, 200-ամեայ հայկական տունը:
Անտէրութեան մատնուած 20 սենեականոց պատմական տունը մօտ 20 տարի դատարկ մնալէ յետոյ յայտնուած է վթարային վիճակի մէջ, ապա` քաղաքապետարանի կողմէն քանդուած:
Ermenihaber.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններով` տան ներկայ սեփականատէր Հաճը Ահմետ Սոյլեմեզը ըսած է,- «Մեր տունը Տարենտէի ամենահին տունն էր: Հայերէն մնացած է: Դռները եւ առաստաղը փայտագործ վարպետներու ձեռքի աշխատանքն էր: Ասիկաա մշակութային արժէք էր, որ անտէրութեան մատնուեցաւ ու քանդուեցաւ»: