Մայրենի լեզուն կը մոռնան, տունէն դուրս, տունէն ներս հայերէն չեն խօսիր… Չհամարձակի՛նք մեղադրել մեր զաւակները:
Հայերէն գիրք, թերթ չեն կարդար… Մենք կը կարդա՞նք:
Հայկական իրականութեան հետ իրենց կապերը օրէ օր կը թուլանայ, հայկական միութիւններու մէջ աշխատելու ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան… Չըլլա՛յ, չըլլա՛յ որ դատապարտենք մեր զաւակները:
Հայրենիք այցելելու գաղափարը հետաքրքրական չէ իրենց համար. կը նախընտրեն Եւրոպան կամ զբօսաշրջութեան վայրերով հռչակաւոր այլ երկիրներ… Յանցաւոր չե՛ն եւ չեն կրնար ըլլալ մեր զաւակները:
Եկէ՛ք խոստովանինք:
Կարդացեք նաև
Մենք՝ ծնողներս, մեր զաւակներու առօրեային վրայ ազդելու ամէնէն մեծ հաւանականութիւնը ունեցողներս, չե՛նք յաջողած մեր զաւակներուն փոխանցել մեր արժէքային համակարգը՝ իր մեծագոյն մասով:
Չենք յաջողած, որովհետեւ չենք փորձած:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում