Սահմանադրական հանրաքուէն արմատական փոփոխութիւններու ամբողջ համակարգ մը կեանքի կոչեց Հայաստանի պետական կեանքին նոր որակ տալու յստակ առաջադրութեամբ։ Եւ սակայն երկրի իշխանական թևի ելոյթներն ու պահուածքը յստակ ոչինչ կ՚ըսեն այս մասին։ Ոչ ոք կ՚աճապարէ մեր պետականութեան այս նոր դարագլուխը արժանաւորապէս նշելու. զայն ոգևորութեամբ շեփորելու. զայն դրօշի վերածելու։ Սահմանադրութիւնը երկրի տնօրէն օրէնքն է, որ կը գործէ գերաստիճան հանգամանքով։ Այդ օրէնքն է, զոր դուք գլխիվայր շրջեցիք և նոր օրինակարգ հաստատեցիք պետութիւնը ժողովուրդին մօտեցնելու յստակ տեսլականով։ Եւ հիմա ի՞նչ…
Սահմանադրական լիազօրութիւն ստացած համակարգային փոփոխութիւնները կը պահանջեն նախաձեռնութիւններու պարտադիր գործընթաց մը քաղաքական դաշտի ամբողջ լայնքով, որուն շօշափելի դրսևորումները պէտք է արդէն իսկ տեսանելի ըլլային երկրի հանրութեան, բայց չեն եղած և չեն…Ե՞րբ պիտի ըլլան։ Ինչի՞ պէտք է վերագրել պետական կեանքի այս դանդաղաշարժութիւնը։ Առայժմ դեռ նոյն լեզուն է. նոյն մտայնութիւնը. նոյն աշխարհահայեացքը. ներքաղաքական նոյն առօրեա՛ն։
Ընդունինք կամ ոչ՝ սովորականի, սովորութականի, business-as-usual-ի ոլորտէն դուրս կը գտնուինք վաղուց։ Մտած ենք պետական կեանքի մէկ նոր փուլ, նոր յանձնառութիւններով, նոր պարտաւորութիւններով, նոր հրամայականներով. փու՛լ՝ որ արդէն իսկ պէտք է պայմանաւորէ մեր քաղաքական մտածողութիւնը և գործի մղէ մեզ։
Թէ՛ իշխանական ուժերը և թէ՛ ընդդիմութիւնը պիտի գիտնան, որ կարելի չէ այլևս հինը և հանրութեան կողմէ մերժուածը պահպանել։ Նախագահական հաստատութիւնը պէտք է արդէն իսկ ձեռնարկէ իր ինքնալուծարման գործին և երկիրը պատրաստէ խորհրդարանական համակարգին համար։ Նախագահի իրաւասութիւնները ներկայիս կրնան գործել անցումային կարգավիճակով միայն։ Հետևաբար պէտք է ձևաւորուի ժամանակաւոր մէկ գործելաձև սերտ համագործակցութեան բերելով ՀՀ Նախագահն ու ընդդիմադիր դաշտի ուժերը անցումային այս փուլը աչալրջօրէն կարենալ դիմագրաւելու համար։ Դաշնակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն ձևաւորելու ճիգերը միայն այս լոյսի տակ կարելի է հասկնալ։ Խորհրդարանական համակարգը, որ ամրագրուած է նոր սահմանադրութեամբ, ունի իր ուրոյն տրամաբանութիւնը։ Ան չի կրնար գործել նախագահականի ստորոգելիներով։ Պէտք չէ գործէ։ Եթէ գործէ, մենք կ՚ունենանք նախկինէն շատ աւելի խնդրայարոյց, շատ աւելի պայթուցիկ և լայնօրէն անկառավարելի մէկ իրադրութիւն Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ներս։ Մենք կ՚ունենանք ամուլ պետականութիւն և քաղաքական քաոս, որ կ՚ըսպառնայ մեր երկրի զարգացման և անվտանգութեան հրամայականներուն և ի վերջոյ մեր երկրի անկախութեան։
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում