Եռագոյն. Հալէպի բնակչութիւնը 10 օրէ ի վեր զրկուած է ջուրէ, աւելի քան 4 ամիսէ ի վեր՝ ելեկտրականութենէ, կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը:
Բնակչութիւնը կ՚օգտագործէ ջրհորներու ջուր, իսկ խմելու համար կը ստիպուի գնել հանքային ջուր։ Ելեկտրականութիւնը կ՚ապահովուի ելեկտրածին սարքերէ՝ վճառովի։
Ապահովական առումով սուրիական բանակը այսօր իր հակակշռին տակ առաւ Հալէպի արեւելեան շրջանի արուարձաններուն մէջ գտնուող ալ Ուատիաա գիւղը, որ յարակից է Հալէպը մատակարարող ելեկտրակայանին։ Բանակի յառաջացման իւրաքանչիւր քայլի դիմաց ահաբեկչական խմբաւորումներ անհամար հրթիռներ կ՚արձակեն բնակչութեամբ հոծ թաղամասերու վրայ։
Այսօր, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Ազիզիէի ալ Մահապէ վարժարանին հրապարակը, ինչպէս նաեւ Սինեմա Օկարիթ, Մունշիէ եւ Ապպարա թաղամասերն ու հանրային պարտէզի շրջանը։ Արձանագրուեցան վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ։
Կարդացեք նաև