kantsasar.com. «Գանձասար»-ի թղթակից Յակոբ Սրկ. Պարսումեան տեղեկացուց, թէ Գամիշլիի Մայամի պողոտային մէջ գտնուող «Սթար» ճաշարանին մօտ վայրկեաններ առաջ ահաբեկչական ուժգին երկու պայթումներ ցնցեցին քաղաքը։ Նախնական տուեալներով արձանագրուած են 3 զոհեր, 6 վիրաւորներ, որոնցմէ մէկը՝ հայ։
Վիրաւորներէն մէկուն վիճակը ծանր է։ Շրջանի վաճառատուները նիւթական մեծ վնասներ կրած են։ Այժմ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը շրջափակած են տարածքը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, տեղի ունեցածը ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հեծանիւի մը մէջ զետեղուած ականներու պայթում է։