Սուրիական բանակը, վերջին երկու օրուան ընթացքին, Լաթաքիոյ գիւղական հիւսիսային շրջանին մէջ, իր վերահսկողութեան տակ առած է 18 գիւղ։ Այս մասին յայտարարած է Սուրիոյ բանակի սպայակոյտը։
Աղբիւրին համաձայն՝ սպաննուած են բազմաթիւ զինեալներ, իսկ ուրիշներ փախուստ տուած են դէպի Թուրքիա:
Նշեալ քայլը ամբողջացումն է վերջին քանի մը օրուան ընթացքին շրջանին մէջ Սուրիոյ բանակին արձանագրած յառաջխաղացքին, մասնաւորաբար Նահիաթ Ռապիհայի վրայ վերահսկողութեան հաստատման: Վերջինը կը նկատուի նշեալ շրջանին մէջ զինեալներու մեծագոյն կեդրոններէն մէկը:
Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի կայքում