Հետեւողականութիւնը նկատելու համար պէտք է վերադառնալ Դաշնակցութեան առաջադրած եօթը կէտերուն` տեսնելու համար անոնց իրականացման միտումները այսօր:
Ամփոփելով եօթը կէտերը.-
1.- Անցում կատարել խորհրդարանի ընտրութեան 100 տոկոս համամասնական սկզբունքին:
2.- Անցում կատարել կառավարման խորհրդարանական ժամանակակից համակարգին:
3.- Օրէնքով երաշխաւորուած գործուն լծակներ տրամադրել ընդդիմութեան` ձեւաւորելով իշխանութիւն-ընդդիմութիւն միասնական պետական կառավարման համակարգ:
4.- Յստակ արտայայտուած կամք դրսեւորել եւ գործուն մեքանիզմներով տարանջատել պիզնեսն ու քաղաքականութիւնը, դատական իշխանութեան լիարժէք անկախութիւնը:
5.- Ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմքին մէջ դնել կենսաապահովման նուազագոյն պիւտճէն, միջսերնդային եւ ներսերնդային համերաշխութիւնը:
6.- Երկրին մէջ արդարութեան ու վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով ապահովել արդար պիզնես միջավայր:
7.- Արտաքին քաղաքականութեան մէջ որդեգրել ազգային-պետական այնպիսի ուղեգիծ, որուն գերխնդիրն է հայկական պետականութեան անկախութեան, անվտանգութեան եւ ինքնուրոյնութեան ապահովումը: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է բխի ազգային անվտանգութեան ռազմավարութենէն` չվտանգելով հայ ժողովուրդի նպատակներու իրականացման, պատմական արդարութեան վերականգնման հեռանկարը: Ետ կանչել Հայաստանի ստորագրութիւնը հայ-թրքական արձանագրութիւններէն: Ամրագրել, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնախնդիրի լուծման հիմքը Արցախի բնակչութեան համաժողովրդական հանրաքուէներով արդէն իսկ արտայայտուած կամքն է: Բանակցութիւններուն մէջ ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը, կարգավիճակի եւ անվտանգութեան առաջնայնութիւնը: Հարկ եղած պարագային Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ կնքել ռազմաքաղաքական դաշինք:
Ուրեմն. նոր սահմանադրութեամբ իրականացուած են թէ՛ բացառապէս համամասնական ընտրակարգը, թէ՛ խորհրդարանական համակարգը, թէ՛ ընդդիմութեան յաւելեալ գործառոյթներ եւ լիազօրութիւններ ամրագրելու իրաւադրոյթը: 4, 5 եւ 6 կէտերը, որոնք կը վերաբերին տնտեսական ոլորտին եւ ընկերային արդարութեան կամ գործարարութեան եւ քաղաքականութեան տարանջատման առաջադրանքներուն նոր համակարգի ճիշդ աշխատելուն առընթեր իրականանալի միջնաժամկէտ ծրագիրներ են, որոնց ուղղութեամբ աշխուժ մասնակցութեամբ եւ այս պարագային գործադիր իշխանութեան ներառումով կ՛իրականանան:
Եօթներորդ կէտը, որ առանց ամփոփելու մէջբերուած է այստեղ, կը յուշէ պետութեան կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Համահայկական հռչակագիրը, Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններու դուրս բերումը խորհրդարանի օրակարգէն: Այստեղ կը մնայ ստորագրութիւնները չեղարկելու խնդիրը:
Արցախի հարցով ակներեւ է, որ բանակցային սլաքները միշտ համադրուած են Երեւանի եւ Ստեփանակերտի կողմէ եւ մնայուն յիշեցում կը կատարուի Երեւանի կողմէ, որ Արցախի կարգավիճակի ճշդումը Արցախի ժողովուրդի որոշումով պայմանաւորուած է: Ինչ կը վերաբերի ռազմաքաղաքական դաշինքին, եօթներորդ կէտը կ՛ընդգծէ «ի պահանջեալ հարկին»-ը:
Առաջադրանքներու եւ համագործակցութեան առաջարկներուն ընդառաջելու միջեւ քաղաքական հետեւողականութիւնը պարզ, տրամաբանական ու ընկալելի կը դարձնէ համագործակցելու ընդառաջ շարժող Դաշնակցութեան որոշումը:
Ի վերջոյ առաջադրանքները կեանքի կոչելու մեկնակէտային պահը թեւակոխուած է սահմանադրութեան որդեգրումով: Համագործակցութեան շարժառիթը նոր համակարգը կեանքի կոչելուն մէջ կը կայանայ:
Շահան Գանտահարեան
«Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ կարդացեք այստեղ
Սիրելի եւ յարգելի, մաքուր ընկերս, Շահան: Խնդիրը այն չէ որ ՀՅԴ-ն ետ պիտի մտնէ կառավարութեան մէջ: Այլ այն է որ… ինչո՞ւ համար դուրս ելաւ անկէ, եթէ ըստ էութեան երբեք ընդդիմութիւն պիտի չըլլար, եւ փաստօրէն չեղաւ: Համաձայն եմ որ, այս հանգրուանին եւ ցնոր տնօրինութիւն, իսկական ընդդիմութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ Հայաստանի մէջ: Սակայն ատիկա ինծմէ շատ աւելի լաւ եւ աւելի առաջ գիտեն անոնք որոնց կամքէն կախեալ է այս քաղաքական տարօրինակ մանյովրները:
(Այդ նշանաւոր եօթը կէտերէն եթէ մի քանի տարրեր թերեւս իրականացած են, այդ ալ կատարուած է միայն թուղթի վրայ, կամ զուտ տեսականօրէն: Շօշափելի իրականութենէն բան մըն ալ չէ փոխուած, հաւանաբար նոյնիսկ ընդհակառակն) :