Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան առաջարկին ընդառաջելով՝ համախոհական կառավարութիւն կազմելու Դաշնակցութեան սկզբունքային որոշումը հրապարակուած է պաշտօնապէս եւ ՀՀ նախագահին հետ բանակցութիւններու գործընթացը արդէն իսկ սկիզբ առած: Այս կէտին վրայ գոյութիւն ունին շարք մը հարցականներ եւ սակայն յստակ է մէկ բան: Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին յաջորդող այս փուլը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ պիտի դնէ Հանրապետութեան նախագահն ու ցարդ ընդդիմութեան դիրքերէն գործող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Հարց պէտք է տալ, թէ ո՞ւր կը գտնուի քաղաքական մշակոյթի տարբեր եւ յաճախ իրերամերժ կերպարներով առաջնորդուող երկու քաղաքական ուժերու հանդիպման կէտը: Արդեօք հասա՞ծ է այն պահը, երբ քաղաքական բեմի կորագիծերը ի վերջոյ պիտի կարենան մատչիլ նոյն կենսական առաջնահերթութեան: Արդեօք եկա՞ծ է վայրկէանը քաղաքական դաշտէն ներս արմատական տեղաշարժի, որուն սպասեց մեր ժողովուրդը մեր նոր պետականութեան կեանքի քսանհինգ տարիներու ողջ տեւողութեան:
Մեկնակէտը այս գործընթացին՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Նոյեմբեր 8, 2012ին հրապարակուած յայտարարութիւնն է՝ նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին հանգամանօրէն օրակարգ բերելով Դաշնակցութեան պահանջներու փաթեթը: Վերջինս կը բաղկանայ եօթը թուագրուած եւ մէկ անթուակիր առաջադրութիւններէ, որոնք միասնաբար նշուած են որպէս Դաշնակցութեան գործի հիմնական առաջնահերթութիւնը: Յիշեալ առաջադրութիւնները կը վերաբերին երկրի պետական եւ հասարակական կեանքէն ներս իրագործուելիք համակարգային փոփոխութիւններուն, Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքին եւ Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններուն: Իրենց բնոյթով՝ անոնք շատ աւելին են քան կուսակցութեան մը ընտրական պլատֆորմը: Անոնք կը սահմանեն Դաշնակցութեան քաղաքական դաւանանքն ու վարքագիծը՝ Հայաստան երկրի այսօրուան մարտահրաւէրներու դիմակայման գործին մէջ: Աւելի՛ն. անոնք, ըստ էութեան, յղուած են ոչ միայն գործադիր իշխանութեան, այլեւ ընդդիմադիր դաշտի ուժերուն: Անոնք այն իսկ կէտերն են, որոնցմով կը սկսի մեր խօսակցութիւնը հայ անկախ պետականութեան լինելութեան մեծ խնդրին մասին եւ բոլոր անոնց հետ, որոնք իրական դերակատարներն են ըլլալու մեր երկրի վաղուան քաղաքական բեմահարթակին:
Պէտք է անմիջապէս հաստատել, որ անցնող երեք տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը կարեւոր յառաջխաղացք արձանագրեց այս մարզին մէջ: Նուաճեց կարեւոր հանգրուաններ համամասնական ընտրակարգի եւ առհասարակ խորհրդարանական համակարգի օրինականացման գծով: Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն այս բանին կենդանի ապացոյցն է: Եւ սակայն սկսուած գործը դեռ շատ հեռու է աւարտած ըլլալէ: Նոր սահմանադրութիւնը դեռ չէ զարնուած իրական կեանքի փորձաքարին եւ մեծ գործը մեր առջեւն է դեռ:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում
Ներդաշնակության Նրանց բանաձևը.
Դհոլն՝ արևմուտքեն, զուռնեն՝ Մայր Հայրենիքեն…