Այսօր, 20 Յունուարի յետմիջօրէի ժամը 3:15-ին եւ 3:30-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ 2 «Կրատ» տիպի հրթիռներ արձակուեցան Քէլէս եւ Մազրաաթ Սարրաֆի շրջաններէն, որոնք կը գտնուին Քեսապէն 15-20 քլմ. հեռաւորութեան վրայ ու օր ցերեկով, անցնելով թրքական հողերուն վրայէն հարուածեցին Քեսապի խաղաղ բնակչութեան շրջանները։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։
Նյութի մանրամասները կարդացեք սկզբնաղբյուր կայքում