Կարօ Սասունիի ապրող խօսքերէն մէջբերումի մը կը դիմենք.
«Մտքի թռիչքով մը անցէք հայոց աշխարհի բոլոր դէպքերուն եւ արարքներուն վրայէն. վերէն դիտեցէք տեսարանը քաջութեամբ կարկառուն ու արիւնով ներկուած պատկերներուն, ու դուք ամէնուրեք պիտի տեսնէք, որ բոլորի սիրտին ու միտքին մէջ կը ծածանի դրօշակը հայոց ազատութեան ու անկախութեան: Այդ դրօշը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը բարձրացուց. այդ դրօշը կը յանձնէ ներկայ սերունդին, որ օր մը բախտը պիտի ունենայ զայն բարձրացնելու ամբողջական, ազատ եւ անկախ հայրենիքի բոլոր բարձունքներուն վրայ»:
Կրնայ Հայաստանի ազատութեան ու անկախութեան դրօշը իր սիրտին ու միտքին մէջ փայփայողը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքային անդամ չըլլալ, բայց իւրաքանչիւր դաշնակցական այդ դրօշով տոգորուն սիրտ ու միտք ունի, եւ այդ դրօշը իր հոգիին, սիրտին ու միտքին մէջ ծածանող իւրաքանչիւր հայ՝ պայքարի ու ազգային գործի հարազատ ընկերակից է դաշնակցական շարքայինին:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում