Տինքի սպանութեան գործին մէջ պաշտօնատար անձերու դէմ մեղադրական գործ կազմած Կէոօքալփ Քէոքչիւն, որ դեռ կը շարունակէ ղեկավարել Տինքի սպանութեան մէջ յանցաւոր կազմակերպութեան դատական գործը, ստիպուած է Տինքի գործով հետաքննութիւնը ուրիշ դատախազի յանձնելու:
Ըստ «Ակօս»-ի՝ «Ալ-Ճազիրա թուրք»-ի տարածած տեղեկութեան համաձայն` Սթամապուլի գլխաւոր դատախազ Հատի Սալիհօղլուն տուած է 2016 թուականի աշխատանքի բաժանման եւ գործառնական հրահանգները: Սալիհօղլուն արդարադատութեան համակարգին մէջ պաշտօն իրականացնողներուն մէջ նշանակալի փոփոխութիւններ իրականացուցած է:
Ըստ տեղեկութեան` աշխատանքի բաժանման հրահանգով կը նախատեսուի նաեւ պաշտօնի փոփոխութիւններ իրականացնել Տինքի սպանութեան գործին մէջ պատկան մարմիններու դէմ մեղադրական գործ ներկայացուցած դատախազ Կէոքալփ Քէոքչիւի աշխատանքին:
Տինքի սպանութեան տարածքին մէջ գտնուած ոստիկանութեան հետախոյզներու հետաքննութիւնը իրականացնող դատախազ Քէոքչիւն այսուհետեւ իր պարտանակութիւնները պիտի իրականացնէ Ընդհանուր հետաքննութեան նախապատրաստական բիւրոյին մէջ: Քէոքչիւն այլեւս պիտի չկարենայ հետեւիլ ահաբեկչութեան առնչուող հետաքննութիւններուն: Տինքի դատավարութիւնը, որուն կը հետեւէր Քէոքչիւն, պիտի փոխանցուի ուրիշ դատախազի մը:
Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի կայքում