ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Համայնքիս կազմակերպական աշխատանքներու ակունքներուն կանգնած Վարուժան Գունտաքճեան Երկուշաբթի, 28 Դեկտեմբերին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ այցելեց եւ ԿԿի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանին յանձնեց ազգային բարերար Հէրի Խաչատուրեանի 125,000 տոլարի չէքը՝ իբրեւ նուիրատուութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125ամեակին առթիւ:
Ընդառաջելով բարերարի փափաքին՝ Կեդրոնական կոմիտէն այս գումարէն 25,000 տոլար փոխանցեց «Ասպարէզ»ին, իսկ մնացեալ հարիւր հազարը պիտի յատկացուի կուսակցութեան գործունէութեան տարբեր ոլորտներուն:
Հէրի Խաչատուրեանի անունով կը կոչուի Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի համալիրը: Բարերարը մէկ միլիոն տոլար նուիրած էր այդ հայկական ամէնօրեայ վարժարանին:
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez –ի կայքում