Սաիթ Չէթինօղլու կը քննարկէ Թրքահայ գրող Սեւան Նշանեանի պետութեան կողմէ թիրախ ընտրուիլը՝Թուրքիոյ մէջ:Սխալ Հանրապետութիւն գիրքով սկսող գործընթացը, ուր Նշանեան քննադատած էր հանրապետութեան հիմնադրութեան սկզբունքները, կը հասնի մինչեւ իր բանտարկութիւնը՝ «անօրինական շինարարութեան յանցագործութիւն»ով, որու հետեւանքով բացի իրմէ, ոեւէ մէկը բանտարկուած չէ: Ըստ Չէթինօղլուի՝ Սեւան Նշանեանը տարբերութիւն չունի այն հայ մտաւորականներէն, որոնք 100 տարի առաջ ուղարկուածէին դէպի անյայտութիւն: Նշանեանի պարագային վերաբերեալ Թուրքիոյ, արտասահմանի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տիրողլռութեան պատճառն ալ, ինչպէս հիմք կազմեց իր պատժուելուն, այլախոհ եւ սովորականէն դուրս հայ մը ըլլալն է:
Սեւան Նշանեանի հետ իմ ծանօթութիւնը դեռ նոր կը համարուի: Իր յետին դպրոցի, թաղի եւ գործի ընկերութեան չափ երկար ժամանակաշրջան մը չկայ: Մեր հանդիպումը դեռ նոր է: Այնքան, որ Սեւանի մասին վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստող Էմրահ Տէօնմէզի հետ պայմանաւորուեցանք յաջորդ օրուան հանդիպումի մը համար: Երբ հրաժեշտ կ’առնէինք, հարցուց թէ քանի տարիէ ի վեր կը ճանչնամ Նշանեանը: Իմ պատասխանին՝«Քանի մը տարի է ի վեր, շատ հին չէ»ի փոխարէն, յաջորդ օրը, հաւանաբար մեր ընկերութիւնը ուշադրութեան արժանի չգտնելուն համար, հակառակ որ նոյն տեղը կը գտնուէինք եւ շատ մօտիկ էինք, առանց բացատրութիւն մը տալու ինծի հետ հանդիպում մը չունեցաւ:
Սակայն, մի նայիք մեր ընկերութեան նոր ըլլալուն, ձեզի կ՛առաջարկեմ կարդալ հետեւեալ գրութիւնը:
Այս գրութիւնը Սեւանին գովքը հիւսելու համար գրուած չէ: Երբ գրութեան հիմքը կը կազմէի, հիմնական մտահոգութիւնս եղաւ այն, որ գրութեան շարունակութիւնը չվերածուի Սեւանի փառաւորումին: Սեւանը նման գովասանքի մը կարիքը չունի: Որովհետեւ, այնպիսի հրաշալի վիճակի մը, այնպիսի հրաշալի անձնաւորութեան մը հետ դէմ դիմաց ենք, որ գրութեան ընթացքին հակառակ իմ կրած մտահոգութեան եւ չմոռնալու ջանքերուն, դժուար կ՛երեւի զսպել այդ կողմ թեքուիլը:
Ինչպէս յայտնեցինք, մեր խօսքը բացառիկ անձնաւորութեան մը մասին է. ամէն ինչի լաւագոյնը կատարելու ուղղութեամբ ջանք թափելուն եւ ամէն ինչի լաւագոյնը ընելուն պատճառաւ, պայքարն ալ արտասովոր գեղեցկութեամբ եւ գերազանցօրէն կը մղէ: Հասկնալ այն իրողութիւնը, թէ Սեւանի համար չի տարբերիր պայքարի առարկան՝ անհատը կամ պետութիւնը, պիտի դիւրացնէ բացատրել եւ հասկնալի դարձնել Սեւանի այսօրուայ իրավիճակը՝«Սեւան Նշանեանի Դէպքը»:
Սաիթ Չեթինօղլու
Նյութի մանրամասները կարդացեք repairfuture.net–ի կայքում