ԱՆԹԻԼԻԱՍ. Անթիլիասի Մայրա-վանքի Ս. եւ անմահ պատարագին ընթացքին ընթերցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի 2016 թուականը «Ծառայութեան Տարի» հռչակող պատգամը: Ամբողջ տարուան ընթացքին, հայրապետական այս պատգամը ուղեցոյց պիտի ծառայէ լուսարձակի տակ առնելու համար ծառայութեան կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքէն ներս: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերն ու ազգային կառոյցները, անսալով վեհափառի կոչին՝ վերարժեւորումի պիտի ենթարկեն եւ յատուկ ծրագիրներ մշակեն, առաւել եւս արդիւնաբեր ծառայութիւն մատուցելու համար մեր եկեղեցիին, ազգին ու հայրենիքին:
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez–ի կայքում