Նոր տարին նկատուած է հաշուետուութեան ու միաժամանակ՝ մեր կեանքի յառաջիկայ հանգրուանը ծրագրելու եւ առաջնահերթութիւնները ճշդելու առիթ: Այսօր, երբ 2015 թուականը այլեւս կը դառնայ անցեալ եւ կը դիմաւորենք 2016 թուականը, անհրաժեշտ է, որ ճշդենք բացուող նոր տարուան ընթացքին մեր ազգի առաջնահերթութիւնները, որոնք մեր հայեցողութեամբ մեր հաւաքական կեանքին մէջ պէտք է առանցքային տեղ գրաւեն: Այս հայեցակէտով, մենք կ՛ուզենք հակիրճ կերպով մատնանշել չորս բնագաւառներ.
Ա) 2015 տարին հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ վստահաբար պիտի արձանագրուի իբրեւ մեր պահանջատիրական պայքարին մէջ յատկանշական իրագործումներ արձանագրած տարի մը: Անցած տարուան ընթացքին միասնակամ ոգիով ու ամուր վճռակամութեամբ ո՛չ միայն արժանի յարգանքով նշեցինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, ո՛չ միայն մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները սրբադասեցինք, այլ նաեւ մեր ազգի պայծառ ապագային նկատմամբ մեր հաւատքը աւելի՛ խորացուցինք ու մեր պահանջատիրական կամքը աւելի՛ պրկեցինք: Ի՞նչ պէտք է ընենք 100ամեակէն յետոյ: Ճի՛շդ է, 100ամեակը իբրեւ թուական անցեալին կը պատկանի այլեւս. սակայն 100ամեակէն եկող ոգին, հաւատքը, կամքը, յանձնառութիւնը ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման, պէտք է շարունակուին նոր մղումով, աւելի լայն տարողութեամբ ու միշտ միասնական ճիգով: Հեռու ամէն տեսակ ձեւական ու քարոզչական մօտեցումներէ, հայ ժողովուրդի արդար դատի հետապնդումը պէտք է նախ եւ առաջ դրուի աւելի կազմակերպ հունի մէջ՝ ներկայ աշխարհաքաղաքական իրականութիւններու համահունչ ռազմավարական ու մարտավարական նոր մօտեցումներու որդեգրումով: Եւ երկրորդ, անհրաժեշտ է մեր պահանջատիրութիւնը իրաւական ընթացքի մէջ դնել՝ միջազգային օրէնքի տուեալներուն լոյսին տակ, ուսումնասիրուած ու ծրագրուած կերպով: Եթէ այս աշխատանքին չլծուինք, 100ամեակին ստեղծած ոգեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին մօտ մեր դատին նկատմամբ յառաջացած հետաքրքրութիւնը շուտով պիտի նուաղի:
Բ) 2016 տարին 25ամեակն է Հայաստանի երկրորդ անկախութեան հռչակման: Այս կարճ ժամանակահատուածին ընթացքին հայրենի մեր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ բարեկամ երկիրներու եւ Սփիւռքին կողմէ հսկայ գործ կատարուեցաւ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ Հայաստանի համար: Արդարեւ, տնտեսութեան զարգացումը, արտաքին յարաբերութիւններու մշակումը, միջազգային կապերու հաստատումը, Հայաստանի բանակին կազմակերպումը, Ղարաբաղի վերակազմակերպումն ու ինքնապաշտպանութեան ամրացումը եւ այլ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ մեծապէս նպաստեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցներու ամրացման: Սակայն, կատարուած իրագործումներուն առընթեր, պէտք է իրապաշտ մօտեցումով նաեւ քաջութիւնն ու իմաստութիւնը ունենանք թերացումները ճիշդ տեսնելու ու զանոնք անկեղծօրէն մատնանշելու: Այս ծիրին մէջ՝ արտագաղթը մեր հայրենիքի գոյութեան ու յարատեւութեան կռուաններուն ուղղուած մեծագոյն հարուածն է, եւ մեր ազգին մարմնին վրայ կոտտացող սարսափազդու վէրք մը. իսկ Հայաստանի տնտեսութեան պարզած վատառողջ վիճակը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ բարոյական ու ոգեղէն արժէքներու լուսանցքայնացումը այլապէս լուրջ մտահոգութիւններ են: Այս վէրքերուն դարմանումը հրամայական է ու անյետաձգելի: Հայրենիքը կը բարգաւաճի թերութիւնները սրբագրելով, ինչպէս նաեւ անոր առաւել հզօրացման իր բոլոր զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ:
Գ) Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացումը կ՛ենթադրէ նաեւ Սփիւռքի հզօրացումը, եւ՝ փոխադարձաբար: Սովորական կարգախօս մը չէ այս: Անիկա կ՛ենթադրէ տարբեր գործելակերպ՝ իր խորքով, ոճով ու նպատակով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի կողմէ: Դժբախտաբար սփիւռքը այսօր կը պարզէ բազմամարդ, բազմագոյն, բազմատեսակ ու լայնատարած պատկեր մը: Ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած Սփիւռքը իր յստակ նկարագիրը ունէր: Այսօր, սակայն, փաստօրէն հայկական Սփիւռքներ գոյաւորուած են եւ սփիւռքը տեղ մը անտարբերութեան, այլ տեղ մը պատահականութեան կամ անորոշութեան ալիքներու քմայքին յանձնուած է: Արդ, եթէ Սփիւռքը չվերակազմակերպուի եւ անոր կեանքի վախճանական ընթացքը դէպի հայրենիք չհունաւորուի, ինքզինք դէմ յանդիման պիտի գտնէ պղտոր ապագայի մը: Եւ որպէսզի Սփիւռքը այս ճակատագիրին չենթարկուի, Սփիւռքի ամբողջական ու լուրջ վերակազմակերպման առընթեր, Հայաստան-Սփիւռք ձեւական դարձած գործակցութիւնը պէտք է դրուի առողջ ու ամուր հիմերու վրայ եւ յստակ ուղղութեան մէջ, փոխադարձ սպասումներու եւ դերերու յստակացումով: Հայաստանի ու Ղարաբաղի ներքին կեանքին առնչուած ծրագիրներու պարագային, բնականաբար Սփիւռքը մասնակցողի դերին մէջ պէտք է ըլլայ: Սակայն, ճիշդ չէ, որ համահայկական ծրագիրներու մշակման մէջ Սփիւռքը սոսկ հետեւողի կրաւորական դերին մէջ ըլլայ: Հայաստան ու Սփիւռք, իբրեւ մէկ ազգի երկու գլխաւոր միաւորները համահաւասար կերպով, իբրեւ գործակից ու լծակից պէտք է մասնակցին համահայկական բնոյթ ու նպատակ ունեցող աշխատանքներուն: Սա լոկ իրաւունքի հարց չէ, այլ ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան համահայկական աշխատանքներուն մէջ Սփիւռքը առաւելագոյն չափով ներգրաւելու ամէնէն ազդու միջոցն է՝ եւ ո՛չ թէ այլեւս սովորական դարձած այլ կերպերու կիրարկումը: Հայաստանի անկախութեան քսանհինգ տարիներուն ընթացքին ձեռք ձգուած փորձառութիւնը, իր դրական թէ բացասական երեսներով, սպասելի է, որ լուրջ քննարկումի ենթարկուի, ուր ըսելիքներու կողքին պէտք է նաեւ ծրագրուին մեր ընելիքները:
Կարդացեք նաև
Դ) Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութը իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունի մեր համահայկական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման եւ յատկապէս Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ: Միջին Արեւելքի հայ գաղութներու ծիրին մէջ Սուրիոյ հայ գաղութը, իբրեւ հայրենամերձ գաղութ, արաբական աշխարհին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցած գաղութ, եւ տակաւին՝ մեր եկեղեցական, ազգային, մշակութային ու կրթական կեանքին կարեւոր ներդրում կատարած գաղութ, անհրաժեշտ է որ մեր ժողովուրդին ու պետութեան յատուկ ուշադրութեան ու հոգածութեան առարկան դառնայ: Վերջին շուրջ չորս տարիներուն այս գաղութը տառապեցաւ, բայց չընկճուեցաւ. ոմանք հեռացան, սակայն գաղութը մնաց կանգուն. ոմանք յուսահատեցան, սակայն շատեր ամուր հաւատքով կառչած մնացին գաղութին: Անցնող տարիներուն մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց նիւթական աջակցութեամբ օգտակար հանդիսացան Սուրիոյ մեր գաղութին: Պատի՛ւ իրենց: Կարիքները տակաւին բազմազան են ու այլազան: Ժամանակը հասած է, որ Սուրիոյ հայ գաղութը լծուի վերականգնումի հաւաքական աշխատանքին: Սխալ է ողբերգական պատկերներով, անճիշդ թիւերով, միակողմանի վերլուծումներով ներկայացնել Սուրիոյ հայութիւնը: Բնականաբար, Սուրիոյ հայութեան թիւը որոշ նուազում արձանագրեց: Սակայն, Սուրիոյ գաղութը հո՛ն է տակաւին, Հալէպի, Գամիշլիի, Դամասկոսի, Քեսապի, Թարթուսի, Հասիչէի եւ այլ գիւղերու մէջ: Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը համազգային առաջնահերթութիւն է: Հետեւաբար, հրամայական է նեցուկ կանգնիլ գաղութի յառաջիկայ աշխատանքներուն:
Բնականաբար Հայաստան, Ղարաբաղ եւ Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութ իրենց դիմաց ունին նաեւ այլ կարեւոր ծրագիրներ ու անհրաժեշտ աշխատանքներ: Սակայն մատնանշուած չորս մարզերը կը նկատենք համահայկական կարեւորութիւն ներկայացնող առաջնահերթութիւններ: Վստահ ենք, որ այս յանձնառութեամբ մասնակից պիտի դառնանք մեր ազգը դէպի առաւել հզօրացում առաջնորդող ծրագիրներու իրագործման:
«Ա».- Սոյն գրութիւնը խտացումն է Արամ Ա. կաթողիկոսի 2016 տարուան անդրանիկ պատգամին, տրուած՝ վեհարանի դահլիճին մէջ, Ամանորի պատարագէն ետք, 1 Յունուար 2016-ին