Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Արք․ Սարգիսեան Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ հիւրընկալեց 2015-ի ծնեալ 93 երեխաներու ծնողներ, շնորհաւորեց անոնց Ամանորի եւ Ս․Ծնունդի զոյգ առիթներով, բարի եւ խաղաղ տարի մաղթեց բոլորին՝ յորդորելով զինուիլ համբերութեամբ ու ամրապնդուիլ հաւատքով։
Ապա Սրբազան Հայրը 2015-ի ծնեալ բոլոր երեխաներուն նուէրներ բաժնեց ու մաղթեց, որ անոնք արժանաւոր զաւակներ ըլլան ու շէնցնեն Հալէպի հայ ընտանիքներուն ջերմ օճախները։
Մանրամասնութիւնները «Գանձասար»ի Յունուար Ա․ համարով։