Անձնական այցելութեամբ Լոս Անճելըս գտնուող հայրենի արուեստագէտ մը, որ այնքան ալ հեռու չէ կանգնած իշխանական վերնախաւէն ու բաւական ծանօթ է Սփիւռքի համայնքներու պայմաններուն, մեզի փոխանցեց իր լուրջ մտահոգութիւնները՝ թէ՛ մշակութային եւ թէ հասարակական խնդիրներու վերաբերեալ:
Յարգելի արուեստագէտը կ՛առաջարկէր Սփիւռքի մէջ նոր շարժումի մը սկսիլ, նախընտրաբար երիտասարդական շրջանակներու մէջ՝ նպատակադրելով Հայաստանին ու հայ մշակոյթին հանդէպ նոր խանդավառութիւն յառաջացնել:
Ամէն անգամ, երբ նման առաջարկներ ստանանք մանաւանդ Հայաստանի նախագահին հետ ուղղակիօրէն շփուելու առիթը ունեցողներէ, մեր անմիջական հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ՝ հարցնել մեր խօսակիցին, թէ ինչո՞ւ նոյն խնդիրը չ՛արծարծեր Հայաստանի պետութեան գլուխը կանգնած մարդուն, որուն պատասխանատուութեան շրջանակին մէջ կ՛իյնայ այդ խնդիրներուն լուծում գտնելը:
Յատկանշական է, որ նախագահին մօտիկ այս մարդոց ամէնէն դիւանագիտական պատասխաններէն կարելի չէ կռահել, թէ նախագահը ինք անտարբե՞ր է այս խնդիրներուն վերաբերեալ, թէ անտեղեակ է անոնց մասին:
Կարդացեք նաև
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում