Եթէ պատերազմ է, եւ կարծէք պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանի վկայութեան կարիքը չունէինք՝ գիտակցելու համար, որ մեր բանակը վերջին շաբաթներուն իսկական պատերազմական վիճակի մէջ է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ գրեթէ ամօթխածութեան մօտեցող վերապահումներով կ՛անդրադառնանք սահմանային իրադարձութիւններուն:
Ժողովուրդը խուճապի չմատնելու արդարացի նկատառումը հաշուի առնելով հանդերձ, կը հաւատանք, որ սահմանային բախումներուն ճիշդ բնութագրումը կրնայ իր դրական ազդեցութիւնը ունենալ՝ համազգային զօրաշարժի մթնոլորտ ստեղծելով:
Թշնամիին սխալ պատգամ չտալու նկատառումն ալ կրնայ արդարացի ըլլալ: Ի վերջոյ, Հայոց բանակը ի վիճակի է առանց յաւելեալ լարումի՝ իր խնդիրը լուծելու եւ համոզիչ կերպով պատժելու դաւադիր յարձակումներով ինչ որ նպատակ հետապնդող ազերի ուժերը:
Այսուհանդերձ, յատկապէս երբ տօնական օրերու նախաշեմին ենք, երբ զուարճանալու ու կերուխումի ծրագիրներ կը մշակենք, սահմանի վիճակին վտանգաւոր ըլլալը չտեսնելը կամ այդպէս ձեւացնելը ճիշդ մարտավարութիւն չի կրնար ըլլալ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում