«Ասպարեզ». Պատերազմ է Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ, իսկ մենք մեր սովորական կեանքի հեւքին մէջ ենք: Ամէն մէկս իր գործով, իր մտահոգութիւններով, իր զբաղումներով տարուած:
Կրնայ ըլլալ, որ ասիկա իւրայատուկ ռազմավարութիւն մըն է՝ տարօրինակ կերպով ամբողջ ազգին կողմէ գործադրուող, որուն հիմնական առանցքը կը հանդիսանայ թշնամիին ցոյց տալը, թէ մենք հանգիստ կ՛ընդունինք մեր սահմանները բռնաբարելու անոր ճիգերը եւ նոնյքա՛ն անխռով, յաւերժութեան կը ճանապարհենք մեր մատղաշ նահատակները:
Այդպէս չէ՛: Պարզապէս, անգլուխ հօտի վերածուած, շուարած զանգուածի վարքը գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար որդեգրածի վերաբերմունքն է մերը:
Ի՞նչ կրնանք ընել մենք. ինչպէ՞ս կրնանք հակազդել այս շարունակուող եւ հետզհետէ աւելի մեծ տարողութիւն ու սաստկութիւն դրսեւորող ատրպէյճանական յարձակողական գործողութիւններուն:
Կարդացեք նաև
Առաջին հերթին, կրնանք մեր բանակին զօրակցութիւն յայտնող ցուցական եւ գործնական քայլեր առնել: Յայտարարութիւններ, նահատակներու ընտանիքներուն ցաւակցութիւն եւ բարոյական ու նիւթական անմիջական աջակցութիւն… ցոյցեր՝ ատրպէյճանական դեսպանատուներուն ու հիւպատոսութիւններուն առջեւ, ժողովրդային հաւաքներ, համահայկական զօրաշարժի պատրաստութիւն (այնքա՜ն ուշացած)…
Աբօ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հրապարակումն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: