Սահմանադրական հանրաքուէին առիթով արձանագրուած խախտումներուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան յայտարարութիւնը տեղի տուած է թէ՛ պետական եւ թէ՛ քաղաքական-հասարակական շրջանակներու լայն արձագանգի:
Ընտրութիւններու եղանակին մասին դէտերու թէ ընդհանրապէս տարբեր պետութիւններու գնահատականները բնականաբար միայն իրաւական սահմաններու մէջ չեն ըլլար` օրէնքը կիրարկած ըլլալու, քաղաքացիին ազատ կամքին վրայ չազդելու, ժողովրդավարական օրինաչափութիւնները յարգած ըլլալու եւ ընդհանրապէս տեսականօրէն ընտրակարգի բիւրեղացումը առաջադրող սկզբունքները գործադրելու առումներով:
Քաղաքական ուղղուածութիւնը ակներեւ է նման եզրակացութիւններու ատեն: Ասիկա չի նշանակեր անշուշտ, որ հանրաքուէի քուէարկութիւններուն ընթացքին խախտումներ, ընտրակաշառքներ կամ ընտրակեղծիքներ չեն արձանագրուած: Ինչպէս այդ բոլորը թերաներկայացնելը առարկայական մօտեցում չէ եւ սուր կերպով քաղաքական շարժառիթներէ կը մեկնի, այդպէս նաեւ զանոնք ուռճացնելն ու գերաներկայացնելը:
Այս հաստատումը անշուշտ ուղղակիօրէն չի վերաբերիր Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հրապարակած յայտարարութեան: Ընդհանուր մօտեցում է` արձանագրուած միջադէպերը կամ խախտումները իրենց չափին մէջ տեսնելու եւ դատաիրաւական ատեաններու եզրակացութիւններէն ետք միայն խօսելու հանրաքուէի արդիւնքներուն օրինականութեան մասին: Իսկ քննութիւններուն համար հիմք պէտք է ծառայեն ոչ միայն ահազանգները, այլ նաեւ բողոքները եւ մանաւանդ անոնց վաւերականութեան համապատասխանող փաստերը:
Ի հարկէ մեր երկրին ընտրական մշակոյթը յայտնաբար դեռ երկար ճամբայ ունի անցնելիք: Եւ այստեղ հարցումը պարտաւորեցնող է: Ժողովրդավարացում հետապնդող սահմանադրական բարեփոխումը ինքնահակասութեան մէջ կ՛իյնայ, եթէ ժողովրդավարացման հասնելու եղանակները հակաժողովրդավարական ըլլան: Այս պատճառով է նաեւ, որ սահմանադրական բարեփոխումներուն առընթեր պէտք է բարեփոխել նաեւ ընտրական օրէնսգիրքը` մեր ընտրական մշակոյթը եւս յաւելեալ ժողովրդավարացման առաջնորդելու համար:
Շահան Գանտահարեան
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում