Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ամերիկահայութեան թանգարանի նախագիծը կը բացայայտուի

Դեկտեմբեր 15,2015 10:34

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի Դեկտեմբեր 8ի նիստին ընթացքին քաղաքին մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանի ընդհանուր նախագիծը առաջին անգամ ըլլալով բացայայտուեցաւ՝ ծրագիրը մշակելու նպատակով կազմուած յանձնախումբին կողմէ։

«Թանգարանը հիմնուած է համայնքին ներշնչումի եւ յոյսի միջավայր մը ապահովելու նպատակով։ Քաղաքապետական խորհուրդին հետ մեր բանակցութեանց ընթացքին պահանջուած բոլոր նիւթերը յանձնած ենք, որպէսզի կարելի ըլլայ թանգարանին տարածքը երկարատեւ վարձքով օգտագործելու վերաբերեալ համաձայնութիւն մը կնքել, որմէ ետք պիտի սկսինք վերջնականացնելու նախագիծը ու կազմակերպելու դրամահաւաքի աշխատանքը», կը յայտնէ վերոյիշեալ յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեան:

Ամերիկահայութեան թանգարանի կառուցման յատակագիծը պատրաստուած է «Ալաճաճեան Մարքուսի ճարտարապետներ» հիմնարկին կողմէ։ Թանգարանը պիտի ունենայ ցուցադրութեանց յատուկ տարածքներ, ուսումնասիրութեանց կեդրոն մը, կատարողական արուեստներու սրահ մը եւ դասարաններ։ Թանգարանի շէնքը շրջապատուած պիտի ըլլայ զբօսայգիով մը, որ թանգարանը պիտի միացնէ քաղաքի «Սիվիք Օտիթորիըմ»ին։ Թանգարանին համար նկատի առնուած 1.7 արտավար (էյքըր) տարածքը կը գտնուի Վըրտուկօ եւ Մաունթըն պողոտաներու խաչմերուկին անկիւնը, ուր ապագային պիտի կառուցուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը։

Թանգարանը կը ձգտի ըլլալ մշակութային կեդրոն մը, որուն նպատակն է հանրութեան ծանօթացնել ամերիկահայութեան պատմութիւնը, միաժամանակ՝ մշակութային բազմազանութիւնը արժեւորելով։

tangaran-2

Նախագիծի ներկայացումէն ետք, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան դրուատեց տարուած աշխատանքը՝ ըսելով. «Միայն տարի մը առաջ այս ծրագիրը պարզապէս երազ մըն էր համայնքին համար եւ ուրախ եմ, որ այս հանգրուանին հասած ենք։ Վստահ եմ, որ ծրագիրին իրականացումով՝ Կլենտէյլ պիտի կարենայ լուսարձակներ խլել»։

Իր կարգին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փաուլա Տիվայն կարեւոր համարեց յատկապէս թանգարանի միջմշակութային բնոյթը եւ անոր տրամադրելիք կրթական սպասարկութիւնները՝ յաւելեալ բացատրութիւններ խնդրելով ճարտարապետներ Արամ Ալաճաճեանէն եւ Սագօ Մարքուսիէն, որոնք յայտնեցին, թէ նախագիծին ներշնչումը եկած է Կլենտէյլի բնակչութիւնը սպասարկելու թանգարանի ձգտումէն, որ պիտի իրականանայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցահանդէսներով։ Այս վերջինները կրնան նաեւ այլ մշակոյթներու նուիրուած ցուցահանդէսներ ըլլալ։

Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վարդան Կարապետեան եւ Զարեհ Սինանեան եւս դրուատեցին գործունէութեան զանազան երեսներ ունենալու սոյն թանգարանին մղումը, որ ցուցադրութեանց կազմակերպման կողքին՝ պիտի նուիրուի կրթական ոլորտին եւս։ Այս նպատակին համար նպաստաւոր է յատկապէս այն իրողութիւնը, որ թանգարանը կը գտնուի Կլենտէյլի Հանրային քոլեճին դիմաց։

Շեշտելով այս նախաձեռնութեան աջակցելու քաղաքապետական խորհուրդին պատրաստակամութիւնը՝ խորհուրդի այլ անդամ մը՝ Լաուրա Ֆրիտմըն, ըսաւ. «Ձեր կողքին ունիք ծրագիրին նեցուկ կանգնող քաղաքապետական խորհուրդ մը, որ կու գայ միանալու այս ծրագիրի իրականացման խանդավառութեամբ սպասող համայնքին։ Ուրախ եմ, որ այս տեսլականի իրականացման համար որոշած էք վարձել տեղական հիմնարկ մը»։

Յաջորդիւ, Ամերիկահայութեան թանգարանը պէտք է ապահովէ վարձակալութեան համաձայնագիրը եւ մշակէ վերջնական նախագիծը։ Յառաջիկայ ամիսներուն նաեւ հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան քաղաքի կարգ մը պաշտօնատարներու, գործարարներու, բնակարանային միութեանց եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, համագործակցութիւն եւ ներդրումներ ապահովելու նպատակով։

Թանգարանի գլխաւոր նպատակն է՝ ամերիկահայութեան փորձառութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու ճամբով փոխադարձ ըմբռնումը քաջալերել եւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային ու մշակութային բազմազանութիւնը լուսարձակի տակ առնել։

ArmenianAmericanMuseum

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031