Բըրամըս, ՆՃ – Հոկտեմբեր 27, 2015-ին մասնակի արդարութիւն մը իրականացուեցաւ երբ Իսթանպուլի Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող Պոլսոյ Պատանեկան Տան ՔԷՄԲ ԱՐՄԷՆ ամառնային ճամբարի կալուածին մէկ մասը վերադարձուեցաւ՝ իր օրինական տիրոջ՝ Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին։
ՔԷՄՊ ԱՐՄԷՆ-ը տունն էր 1500-է աւելի որբերու, որոնց «տունդարձ»ը Անատոլուի խորերէն եւ հայեցի ու Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կը պարտինք Հրանդ Կիւզէլեան անուն հայ աւետարանական հերոսին։ Հոն էր որ նահատակ թղթակից Հրանդ Տինք եւ իր կինը՝ Ռաքէլ հանդիպած եւ ամուսնացած էին։ Քէմբը Մայիս 2015ին քանդուելու իրավիճակին մէջ կը գտնուէր։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան, վերջերս յատուկ նամակով մը, ուղղուած Թուրքիոյ Հանրապետութեան Վարչապետ՝ Տիար Ահմէդ Տաւիթողլուի, շնորհակալութիւն յայտնեց Կառավարութեան դրական միջամտութեան եւ դերին՝ ՔԷՄԲ ԱՐՄԷՆ-ի մասնակի վերադարձին համար: Ապա Խանճեան կոչ ըրաւ Վարչապետին, կալուածի հողերու ամբողջական վերադարձին համար իր իրաւատիրոջ, զոր օրինաւոր կերպով գնած եւ ձեռք բերած էր Հայ Աւետարանական Եկեղեցին, եւ կառուցած զայն ճամբարի մանուկներու քրտնաջան աշխատանքով։