Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Բարձրաձայն մտորումներ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումներու ավարտին

Նոյեմբեր 30,2015 20:15

Յետ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի, մեր մտորումներուն մէջ անջնջելիօրէն թարմ են, հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ ամրագրուած են իթթիհատական Թուրքիոյ եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միջեւ սերտ գործակցութիւնն անոր դառն հետեւանք՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, զոր մտայղացան եւ անմարդկային, աննկարագրելի արարքներով գործադրեցին նոյն Հ.Յ.Դ.-ի դաշնակից  եղբայրները՝ Ժէօն թուրքերը՝ արեւմտահայ ժողովուրդին դէմ, մասսայական կոտորածներով, զայն ի վերջոյ տեղահան ընելով անոր բնօրրանէն, Արեւմտահայաստանէն…

Հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ ամրագրուած են նաեւ Զօրավար Անդրանիկի եւ Հ.Յ.Դ.-ի աթոռամոլ ու օտարին ծախուած դաշնակ շէֆերու (ափսոս նաեւ որոշ միամիտ մտաւորականներու ալ, ինչպէս՝ նահատակ Ռուբէն Զարդարեան եւ այլք…) միջեւ երկարատեւ ու ծանօթ տարակարծութիւնները, բուռն վէճերը՝ Անդրանիկի հակաթուրք վարքագիծին շեշտ դրսեւորումները  ընդդէմ դաշնակ թրքապաշտ պլոքին, որ իբրեւ «հայուն ազգային շահերու թշնամի» հալածեց  Զօրավար Անդրանիկը, երբ վերջինը ոչ միայն կտրուկ կերպով միշտ կը մերժէր օսմանեան խորհրդարանական աթոռ եւ մերժելո՛վ կը մերժէր վար դնել զէնքերը թշնամի թուրքին դէմ, այլեւ շարունակ կը յորդորէր դաշնակ դրամամոլ ու աթոռամոլ շէֆիկները (տեսնել նո՛յն դաշնակներու այսօրուան շարժումները՝ ՀՀ կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ աթոռներ շահելու համար ի՜նչ-ի՜նչ լկտի օյինպազութիւնները…)՝ չիյնալու թուրքին 30 արծաթ դրամի ծուղակին մէջ, միշտ նախատեսելով թրքական վերահաս Մեծ Աղէտը հայ ժողովուրդի գլխուն…:

Խմբագրականի մը ամփոփ տողերու ընդմէջէն երբ հպանցիկ ակնարկ մը կը նետենք մեր պատմութեան սեւով գրուած եւ թուրք-դաշնակ սիրալիր էջերուն, չենք կրնար մտահան ընել այս կապակցութեամբ Հնչակեան Կուսակցութեան նշանաւոր գործիչներէն Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի 1916 թուականին հրատարակած «ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ» վերնագիրով ծաւալուն աշխատութենէն այն հատուածը, զոր կու տանք արեւմտահայերէնի վերածելով կու տանք մեր ընթերցողներուն այս առիթով: Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի 1909-ին Ատանայի հայութեան կոտորածներէն յետոյ Դաշնակցութեան եւ ոճրագործ թուրք իթթիհատականներու սիրալիր յարաբերութիւններուն: Սոյն հատուածը զուգահեռներ ունի այսօրուան իրողութիւններուն հետ: Ասիկա նաեւ մէկ յստակ ապացոյցն է արկածախնդրութեանց դաշնակ պարագլուխներու, որոնք ոչ միայն մինչեւ այսօր հրապարակաւ չեն յայտարարած իրենց զղջումը պատմական այդ խոշոր սխալներուն համար, այլեւ կը կարծեն, թէ կարող են դեռ «լուալ» ուղեղները ներկայ սերունդներուն՝ իրենց «գաղափարական հաւատքով» 2018-ին եւ 100 տարի ետք վերադառնալու իշխանութեան գլուխ այսօրուան Հայաստանին, զոր 1918-ի 28 Մայիսին, Երեւանէն միայն եօթ քլմ. հեռու՝ յանձնած էին թրքական թնդանօթներու երախին, սովատանջ մեր «Որբի Հայրենիքը», որոնց ի տես, դաշնակցական գործիչ եւ Ա. Հանրապետութեան վերջին եւ հազիւ 10 օր իշխած վարչապետ – 23 Նոյեմբերէն 2 Դեկտեմբեր 1920 – Սիմոն Վրացեա՛նն իսկ այն ատեն հետեւեալը կ’արձանագրէր պատմութեան համար. «Ցնծութեան աղաղակներով եւ ծափերով չընդունուեց Հայաստանի անկախութիւնը (12,000 քռկ. քլմ. տարածութեամբ, «Նոր Աշխարհ»): Ընդհակառակը, շատերի համար նա նկատւում էր դժբախտութիւն: Հիւանդ երեխայ աշխարհ բերած մօր պէս հայ ժողովուրդը գլուխ էր ծեծում սգաւոր…»:

Այսօր, անհուն դառնութեամբ նա՛եւ կը խորհրդածենք Կարսի անկման (30 Հոկտեմբեր 1920-ին) 90-րդ տարելիցի մանրամասնութիւններուն մասին: Յիշեալ թուականէն նուազ քան ամիս ետք՝ 25 Նոյեմբերին, զուտ դաշնակցականներէ կազմուած Սիմոն Վրացեանի կազմած կառավարութեան հովանիին ներքոյ երբ դաշնակ բանագնացները ընդունեցին Քազիմ Քարապեքիր փաշայի հայ-թուրք հաշտութեան-խաղաղութեան նախապայմանները (Այսինքն՝ առաջին հերթին, դաշնակ կառավարութիւնը գրաւոր կը հրաժարէր 10 Օգոստոս 1920-ին ստորագրուած հայանպաստ Սեւրի դաշնագիրէն: Երկրորդ՝ դաշնակ իշխանութեան խնդրանքով Ռուսիոյ արտաքին գործավար Չիչերինը յիշեալ հաշտութեան-խաղաղութեան բանակցութեանց ներկայ ըլլալու եւ միջամտելու նպատակով Ալեքսանդրապոլ ղրկած էր Բ. Մտիվանին, որ պիտի աշխատէր նաեւ Թուրքիան ստիպել նահանջելու Ռուսաստանի նախկին սահմանը՝ 1914 թուականի սահմանը, ինչ որ աղիտալի պիտի ըլլար քեմալականներուն համար: Հետեւաբար, դաշնակ կառավարութեան խողովակով, Քազիմ Քարապեքիր կտրուկ կերպով մերժեց Մտիվանիի միջնորդութիւնը), եւ հաշտութեան-խաղաղութեան մասին խօսելու նստելէ՛ իսկ առաջ, Ալեքսանդր Խատիսեանի պատուիրակութիւնը արդէն յանձն առած էր գերեզմանել ամբողջ արեւմտահայ հողային դատը: Բանագնաց Ալեքսանդր Խատիսեանը – Հայաստանի տխրահռչակ Ա. Հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարարը եւ երկրորդ վարչապետը՝ Յովհաննէս Քաջազնունիէն ետք – որ հինգ տարի առաջ արեւմտահայ մէկուկէս միլիոն նահատակներու անթաղ ոսկորներն ու յիշատակը անարգելով թուրքը «Ճենթըլմէ՜ն» որակած էր, ահա, Ալեքսանդրապոլի մէջ, 2 Դեկտեմբեր 1920-ի սեւ օրուան սեւ կէս գիշերին, ջարդարար Քարապեքիրին առջեւ ծունկի գալով, առանց դո՜յզն խղճահարութեան եւ պատասխանատուութեան ամէն գիտակցութիւն կորսնցուցած, կը ստորագրէր հայկական դատին մահավճիռը, Երեւանի դաշնակցական պարագլուխներուն հաւանութեամբ: Այդ դաշնագիրով, հայկական պետութեան տարածութիւնը մեծապէս կը կծկուէր եւ Թուրքիա Արեւելեան Հայաստանէն կը գրաւէր շուրջ 10,000 քռկ. քլմ. հողամաս – Կարսը, Սարըղամիշը, Օլթին, Արտահանը, Ալեքսանդրապոլը, Սուրմալուն, Կաղզուանը – փաստօրէն Հայաստանին ձգուած հողամասին վրայ կը հաստատտուէր թրքական գերիշխանութիւն: Մէկ .օսքով,  այս դաժան դաշնագիրով կը զինաթափուէր հայկական պետութիւնը եւ դաշնակցական փոլիթիքոսները կ’ընդունէին քեմալական այս մահացու որոշումները, կ’ընդունէին ԱՊՕՐԻՆԻ ԿԵՐՊՈՎ, քաղաքական զեղծարարութեամբ, առանց իրաւունքի եւ իրաւասութեան, քանի որ զիրենք իբրեւ բանագնաց նշանակող ու ղրկող երեւանեան իշխանութիւնները արդէն փոխուած էին՝ դաշնագրի ստորագրութեա՛ն իսկ պահուն, եւ Հայաստան դարձած էր խորհրդային, «անկախ ընկերվարական հանրապետութիւն», ունեցած էր նոր վարչակարգ ու նոր իշխանութիւն, որուն իրաւունքն էր միմիայն ստորագրել որեւէ պայմանագիր կամ դաշինք: 2 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին ստորագրուած էր «երեւանեան համաձայնութիւնը» Վրացեանի կառավարութեան եւ Խորհրդային Ռուսիոյ պատուիրակութեան միջեւ, որով իշխանութիւնը կը փոխանցուէր «ընկերվարակա՜ն» դաշնակցականներէն  Հայաստանի Ընկերվարական Խորհրդային Հանրապետութեան «ժամանակաւոր ռազմա-յեղափոխական կոմիտէ»ին: Մէկ խօսքով, Վրացեան եւ Խատիսեան այդ վայրկեանէն սկսեալ այլեւս  իրաւասութիւն կամ պարտականութիւն չունէին վարելու երկրին գործերը, խօսելու հայկական պետութեան անունով, այլ «իրաւո՜ւնք ունէին» երկու ամիս ետք, 1921-ի Փետրուարին, կազմակերպելու «փետրուարեան ձախող ու տխրահռչակ ապստամբութիւնը» Խորհրդային Հայաստանի դէմ…

Այսօր, մեր ժողովուրդը աւելի քան երբեք, կարիքը ունի դասեր քաղելու անցեալի սխալներէն: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը որ Մեծ Եղեռնէն ետք ստեղծուած հայ քաղաքական միտքին եւ հոգիին Խղճմտանքի Ձայնը կը հանդիսանայ, պիտի շարունակէ իր հայրենահաւաքի ուժերը ի սպաս դնել ներկայ անկախ Հայաստանի հողերուն վրայ, ի խնդիր ՌԱԿ-ի ամէնէն յախուռն ղեկավարներէն՝ Գերսամ Ահարոնեանի «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» մեր ժողովուրդին, անմեռ նահատակներուն, Սուրբ  եւ ԱնժամանցելիԴատին:

Եւ այս միասնականութեան իրականացման համար հա՛րկ է որ բոլորուինք 31 Հոկտեմբեր 2015-ին Երեւանի մէջ գումարուած ՌԱԿ 23-րդ (վերակազմաւորումէն ետք՝ 2-րդ) պատգամաւորական ժողովին շուրջ, անոր ղեկավարութեա՛ն շուրջ, այսուհետեւ համախմբուելու մեր վերջին կռուան՝ Հայրենիքի մէջ, ի փառաւորումն մեր հերոսական ժողովուրդին եւ ի փառս Տամատեաններու, Թէքէեաններու, Չօպանեաններու կերտած ողջմիտ կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, անոր Ոգիին եւ հայրենանուէր սկզբունքներուն:

«ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ», Աթէնք:

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30