Հայաստանի ներքին կայունութեան դէմ ծառացած իւրաքանչիւր սպառնալիք, իւրաքանչիւր վտանգ, համազգային դատապարտանքի պէտք է արժանանայ:
Բազում զրկանքներ, ընկերային աղաղակող անարդարութիւններ հանդուրժած հայրենի ժողովուրդին՝ ներքին կայունութեան հանդէպ ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը, իր ուժը կը ստանայ Արցախեան ճակատը եւ ընդհանրապէս հայրենիքի սահմանները ամուր պահելու անքննելի առաջնահերթութեան գիտակցութենէն:
Այս մեկնակէտէն ելլելով՝ խոր մտահոգութեամբ կ՛արձանագրենք Հայաստանի Անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ յայտնաբերուած՝ ահաբեկչական խմ-բակի բոլոր յատկանիշները կրող օղակի մը գոյութեան փաստը (լուրը՝ էջ 5): Վստահ ենք, որ հայրենի պատկան անվտանգութեան մարմինները բծախնդիր քննութեամբ ու իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցներով պիտի աշխատին բացայայտելու այս օղակի հովանաւորները, անոնց հետապնդած մութ նպատակներու իսկական պատուիրատուները, զորս գտնելու համար շատ հեռուները երթալ պէտք պիտի չըլլայ հաւանաբար:
Կարդացեք նաև
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում