Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դաւադիր մեղսակցութիւնը՝ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութեան գործողութիւններուն, կրնայ չնկատուիլ միա՛յն քաղաքական այլ հաշիւներով այդ իշխանութեանց հետ համագործակցելու տրամադրութիւն ունեցողներուն կողմէ:
Մեր աշխատակիցները բազմիցս ակնարկած են այդ ոճրային գործակցութեան, որուն վերջին ապացոյցը աշխարհին առջեւ պարզուեցաւ՝ ռուսական ռազմական ինքնաթիռին կործանումով:
Դէպքէն առաջ գրուած Նազարէթ Պէրպէրեանի յօդուածը այսօր ստացած է առաւե՛լ այժմէականութիւն:
«Իսլամական պետութիւն» կոչուած ծայրայեղ արմատականներու Նոյեմբեր 13ի մոլեգնութիւնը, անհաւատալի անխղճութեամբ իր խլած հարիւրաւոր զոհերով, վստահաբար երկար ժամանակ մղձաւանջը պիտի մնայ քաղաքակիրթ մարդկութեան:
Դժուար է պատկերացնել, թէ իսլամական կրօնքի անունով Փարիզի մէջ կատարուած ինքնասպանական գործողութիւնները՝ անգթօրէն խլելով կեանքը պատահական մարդոց, նաեւ՝ մոլեռանդութեամբ վերջ տալով սեփական կեանքին, կրնան իրապէ՛ս կապ ունենալ կրօնական հաւատքի եւ մարգարէի ուսմունքին հետ։
Նաեւ, պարզապէս անհեթեթ կը հնչէ – մահ ու սարսափ սփռած փարիզեան արիւնահեղութիւնները արդարացնելու համար – «Իսլամական պետութեան» տարածած քարոզչական այն պնդումը, թէ անոնք պատժիչ գործողութիւններ էին եւ հակադարձ պատասխան… քրիստոնեայ աշխարհի Խաչակրաց արշաւանքներուն։
Եթէ այս աստիճան ծանր ու ցնցիչ չըլլար Փարիզեան ողբերգութիւնը, հաւանաբար միջազգային հանրութիւնը հեգնախառն արգահատանքով նայէր պատահածին ու անցնէր իր հոգերուն, որոնք ամէնուր տագնապի մատնած են մերօրեայ մարդկութիւնը, ի՛նչ սեռի կամ գոյնի, ցեղի կամ կրօնի, ազգի կամ դաւանանքի պատկանին միջազգային ընտանիքը բաղկացնող հասարակութիւնները։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez -ի կայքում