Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Լիբանանի Անկախութիւնը Ի՞ղձ է Թէ Իրականութիւն

Նոյեմբեր 21,2015 10:47

72 տարիներ առաջ տեսականօրէն միայն անկախացած Լիբանանի քաղաքացիներէն շատեր այսօր կը հաւատան, որ երկիրը քաղաքականապէս միշտ ալ բաժնուած եղած է ու գտնուած ազդեցութեանը տակ շրջանային ու միջազգային ուժերուն, որոնք միշտ ալ օգտագործած են երկրին դիւրաթէք համայնքային դրուածքը, որ պարարտ հող հանդիսացած է իրենց ազդեցութիւնը տարածելու կամ պարտադրելու:

Թէ իսկապէս անկախ երկի՞ր է Լիբանան: Ըստ մեզի՝ ո՛չ, որովհետեւ անկէ կը պակսին գրեթէ այն ամէն ինչը, որ սկզբունքով վայել է անկախ երկիրի մը: Լիբանան շատոնց կորսնցուցած է ինքնիշխանութեան բաղադրիչները, որպէս հետեւանք համայնքային պայքարին եւ շրջանային երկիրներու Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալուն:

Վաղը կը լրանայ 1943 թուականին ձեռք բերուած Լիբանանի անկախութեան 72րդ տարեդարձը, մինչ երկիրը կանգնած է անորոշութեան, անկայունութեան եւ իր ապահովութեան սպառնացող լուրջ սպառնալիքներու դէմ յանդիման, որոնց պատճառը այս հանգրուանին անշուշտ՝ Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ տիրող անկայունութիւնն ու անորոշութիւնն է:

Այլ տուեալ մըն ալ, որ կը հակասէ անկախ պետութիւն մը ըլլալու ամէն հասկացողութեան այն փաստն է, որ Լիբանան միշտ ալ ու մանաւանդ իր ժամանակակից պատմութեան վերջին շրջանին՝ անկարող եղած է իր նախագահը ընտրել կամ ատենին խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել ու կայուն կառավարութիւն մը ունենալ՝ առանց օտար երկիրներու միջամտութեան…:

Ինչպէ՞ս կարելի է երկիր մը անկախ որակել, երբ անոր բարձրաստիճան քաղաքական դէմքերը, բաց արեւուն տակ եւ հրապարակայնօրէն կը խոստովանին, որ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր նախագահական աթոռի թափուր մնալու թնճուկը կը քակուի՝ երբ քաղաքական մերձեցում ըլլայ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ, որոնք իրենց կարգին կը հովանաւորեն սուր եւ ուղղահայեաց կերպով բաժնուած Լիբանանի քաղաքական երկու կողմերը:

«Անկախութիւն» հասկացողութիւնը պակասաւոր կը դառնայ՝ երբ կայ այսքան խոր ներքին տարակարծութիւն անոր սահմանումին մէջ: Պակասաւոր կը դառնայ երբ Լիբանանեան պետութեան կողմէ չկայ յստակ ընկերային ռազմավարութիւն՝ կարգի դնելու մէկ միլիոնը շատոնց անցած ու հետզհետէ անհակակշռելի դարձող սուրիացի ապաստանեալներու գոյութիւնը: «Անկախութիւն» հասկացողութիւնը հարցական կը դառնայ՝ երբ երկրին արեւելեան սահմանները անդադար վտանգուած են դուրսէն ֆինանսաւորուող զինեալ ծայրայեղական խմբաւորումներու կողմէ, որոնք նոյնպէս ամէն վայրկեան կը սպառնան երկրին՝ ներքին ապահովութեան: «Անկախութիւն» հասկացողութիւնը հարցական կը դառնայ՝ երբ Լիբանանի հողին վրայ կան աւելի քան 400,000 բնակչութիւն հաշուող պաղեստինեան զինուած գաղթակայաններ, ուր Լիբանանեան օրինական զինեալ ուժերուն մուտքը արգիլուած է…:

Ըստ մեզի լիիրաւ անկախութիւնը կ՛իրականանայ այն օրը միայն, երբ Լիբանանեան պետութիւնը կարողութիւնը կ՛ունենայ իր իշխանութիւնը տարածելու՝ Լիբանանեան հողին մէն մի քառակուսի մեթրին վրայ, ուր այլեւս գոյութիւն չեն ունենար ոչ մէկ կատարուած իրողութեան ուժ կամ Լիբանանեան Բանակի իշխանութենէն դուրս՝ ինքնիշխան ու օտար երկիրի մը շրջանային քաղաքականութեան հլու հնազանդ ծառայող զինեալ խմբաւորում…:

Սակայն մենք լաւատես ենք, որ այս մղձաւանչն ալ կ՛անցնի ու Լիբանան շուտով կը տիրանայ իր լիիրաւ անկախութեան, որ իւրաքանչիւր ազատ Լիբանանցիի իղձն է՝ իր զաւակներուն ապահով, բարգաւաճ ու գերիշխան երկիր մը ժառանգ ձգելու արդար իրաւունքով:

Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Խմբագրական «Զաթօնք»-ի

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30