yerakouyn.com. Հալէպի ապահովական վիճակը կը շարունակէ անկայուն մնալ։ Բնակչութիւնը 26 օրէ ի վեր զրկուած է ելեկտրականութենէ, իսկ 7 ամիսէ ի վեր համացանցային բնականոն ծառայութենէ, անհրաժեշտութեան պարագային մարդիկ կը դիմեն համացանցի 3-G ծառայութեան, որ համեմատաբար սուղ է եւ բնակչութեան մեծ մասը հնարաւորութիւն չունի օգտագործելու զայն։
Ջուրը մերթ ընդ մերթ հասանելի կը դառնայ, կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերը:
Ներկայիս թէեւ սննդամթերքի եւ վառելանիւթի տագնապ գոյութիւն չունի, սակայն անգործութիւնը, սղաճն ու պատերազմական պայմանները տնտեսական ծանր կացութեան դէմ յանդիման կը շարունակեն պահել հալէպցին՝ դժուարացնելով անոր ապրուստն ու ընտանեկան հիմնական կարիքներու ապահովումը։
Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինն ու հալէպահայ բարեսիրական այլ միութիւններ կը շարունակեն համայնքի զաւակներուն օժանդակութեան աշխատանքները։
Կարդացեք նաև
Այսպիսի պայմաններու մէջ համայնքի ազգային, մշակութային, եկեղեցական, կրթական կառոյցները կը գործեն՝ իրենց շուրջ համախմբելով յատկապէս երիտասարդութիւնը։ Շաբաթական հերթականութեամբ տեղի կ՚ունենան մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկներ եւ կեանքը կը շարունակուի։