Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Որբ ու անտուն փոքրիկը փողոցներէն դէպի Արքայական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի խմբավար

Նոյեմբեր 19,2015 12:47

Վարդան Մելքոնեան յսօր Երեկոյեան իր Ցպիկով Պիտի Հմայէ Լիբանանի

Արուեստասէր Հանրութիւնը

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Որբութիւնը ճաշակած Վարդան Մելքոնեան հասակ առած է Պէյրութի փողոցներուն մէջ: Ան խմբավարն է Մեծն Բրիտանիոյ աշխարհահռչակ Արքայական ֆիլարմոնիք նուագախումբին: Մեծ խմբավարը իր մանկութեան փողոցներու վրայ աշխատած է զանազան գործեր՝ կօշիկ ներկելէ մինչեւ ծամոն ծախել: Յաճախ օրական կրցած է շահիլ 10 ղուրուշ, որ օրին հազիւ բաւարար էր օրուայ հացը գնելու, սակայն այս բանին համար փոքրիկն Վարդան Աստուծոյ շնորհակալ եղած էր միշտ, որովհետեւ հակառակ պարագային շատ յաճախ ալ ստիպուած եղած էր՝ այդ հացի փշրանքները Պէյրութի աղբանոցներուն մէջ փնտռելու:

Վարդան Մելքոնեան Ժիպէյլի Թռչնոց Բոյնի որբերէն մին էր, նախքան հոն ձգելն ու Պէյրութի փողոցներուն յանձնուիլը: Ան Թռչնոց Բոյն յաճախած է շատ աւելի կանուխ տարիքէն, երբ իր հարազատ (կենսաբանական) մայրը իր փոքր քրոջ՝ Լենային ծնունդ տուած պահուն մահացած է: Լենան ալ իր կարգին 40 օրուայ նորածին յանձնուած է Թռչնոց Բոյնին: Վարդան լաւ չի յիշեր իր մայրը, սակայն մեծ հպարտութեամբ կ’ըսէ, որ իր հոգեհարազատ «Մաման» Մարիա Ճէյքըպսընը եղած է…:

Մեծ մարդ, լաւ Հայ ու յաջողագոյն խմբավար Վարդան Մելքոնեանի հետ պատիւը ունեցանք հանդիպելու վերջերս: Ան Պէյրութ կը գտնուի իր ազնիւ հոգւոյն պարտքը տալու այլ մեծ Մարդու մը, որ իր Մաման եղած է:

Այսօր երեկոյեան Վարդան Մելքոնեան իր ցպիկով Լիբանանի արուեստասէր հանրութիւնը պիտի հմայէ Քազինօ Տիւ Լիպանի մէջ:

4

Ձեռնարկը զոր կը կրէ կնիքը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական Մամինին, ըստ անոր արժանի ատենապետուհի Տիկ. Սեդա Խտըշեանին՝ Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող տեղւոյն ձեռնարկերուն եզրափակիչը պիտի ըլլայ եւ շնորհակալութեան ժեսթը հանդէպ բոլորին: Քազինօ Տիւ Լիպանի մէջ այսօր երեկոյեան տեղի ունենալիք «Drake Passage» անուամբ նուագահանդէսը՝ պիտի կատարուի Պաալպէքի Միջազգային Ֆեսթիվալի վարչութեան գործակցութեամբ:

Նախաձեռնութիւնը Վարդան Մելքոնեանինն է, ըսաւ Տիկ. Խտըշեան մեր հանդիպման ընթացքին: Մինչ Վարդան Մելքոնեան խոստովանեցաւ, թէ պատահական չէր Քազինոյին ընտրութիւնը: Ան կատարուած էր զուտ զգացական պատճառով՝ որն է, թէ այդ վայրը Վարդանի նուագի ասպարէզի մէջ գործելու առաջին օրերուն՝ իր աշխատատեղին եղած է:

5

Նուագախումբը, որ պիտի ղեկավարէ Վարդան Մելքոնեան՝ Լիբանանի Ֆիլհարմոնիքն է, զոր պիտի հնչեցնէ իր՝ Մելքոնեանի յօրինած համանուագը (սինֆոնին), նուիրուած Ցեղասպանութենէն մազապուրծ Հայ որբուկներուն Մամային անմեռ յիշատակին:

Վարդան Մելքոնեան կը յիշէ իր առաջին հանդիպումը Մամային հետ: Երբ փոքրիկն Վարդան առաջին անգամ Թռչնոց Բոյն բերուած է, Մարիա Ճէյքպսըն ծնկաչոք ընդունած է զինք՝ 4 տարեկան որբուկի հասակին հաւասար վիճակով: Վարդան տակաւին իր մարմինին ու հոգւոյն մէջ կը զգայ Մամային «փաթթուկին» ջերմութիւնը…:

Մեր հարցին, թէ ինք արդեօք զարմացա՞ծ է այդքան խոնարհ փողոցի անտուն տղայի մը հանգամանքէն բարձրանալով հասած ըլլալու իր այսօրուան դիրքին, ան կը պատասխանէ, որ կը հաւատայ, թէ բոլոր երազները կրնան օր մը իրականութիւն դառնալ: Բնութեամբ լաւատես է Վարդան. ան իրեն յատուկ լաւատեսութեամբ կ’ըսէ, որ եթէ անձ մը ուզէ մրցումի աւարտին հասնիլ, միշտ կարելի է: Պայման չէ, որ հասնի առաջին դիրքին, սակայն ի վերջոյ կը հասնի աւարտին:

Գեղեցիկ ծառ մը միշտ կարելի է դիտել ու սքանչանալ, կ՛ըսէ Վարդան Մելքոնեան: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ այդ ծառը հունտէ մը աճած է, որ եկար ու դժուար գործընթացէ անցած է՝ այդ ծառը դառնալու համար:

2

Վարդան Մելքոնեան հպարտ է իր համեստ ծագումով: Ան Մարիա Ճէյքպսընը կը համարէ երաժշտութեան իր առաջին ուսուցիչը: Անոր հարմոնիքայէն փխած նուրբ երաժշտութիւնն ու Ս. Ծնունդին նուիրուած մեղեդիներուն յիշատակը՝ զինք միշտ սփոփած են ցուրտ գիշերներով փողոցներուն վրայ…:

Վարդան Մելքոնեան Պէյրութ է մեզի փոխանցելու Հայ ժողովուրդի Մամային անմեռ յիշատակը: Այս ծրագիրին սկզբնական տարբերակը եղած է՝ իր դուստրին հետ իր պապերուն ծննդավայր Մուշէն Պէյրութ քալել ու նուագահանդէս կազմակերպել հոս, սակայն շրջանի տխուր դէպքերը արգելք հանդիսացած են այս ծրագիրին իրագործման: Վարդան լաւատես է սակայն ու բնաւ չէ յուսահատած, որ օր մը այդ մէկն ալ կ՛իրագործուի:

Այսօր երեկոյեան առիթը պիտի ունենանք լսելու Վարդան Մելքոնեանի ցպիկով առաջնորդուած նուագահանդէսը: Յաջորդող օրերուն տակաւին երկար պիտի գրենք այս անզուգական հսկային մասին, որ չէ մոռցած փողոցի փոքրիկները եւ անոնց բարօրութեան ու խնամքին համար բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն ալ կը հովանաւորէ, որուն նուիրուած է այսօրուան ելոյթին հասոյթը:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30