Հ.Բ.Ը.Մ. Հ.Ե.Ը.ի ԱՐԻՆ Պարախումբը Բեմին Վրայ
Անցնող շաբաթավերջի երկու օրերուն Տպայէյի «Համագումարներու Պալատ»ին մէջ Հ.Բ.Ը.Մ. Հ.Ե.Ը. ԱՐԻՆ պարախումբը ներկայացուց իր տարեկան ելոյթները: 18 անուն պարացանկով ԱՐԻՆ պարախումբի 7էն մինչեւ 25 տարեկան պարուհիներն ու պարողները բեմը թնթացուցին հայաշունչ պարերով: Ի պատիւ անոր գեղարուեսատական ղեկավար ու պարուսոյց Գայիանէ Մածունեանին, պարերուն համար բծախնդրօրէն ընտրուած երաժշտութիւնը մաքուր եւ զուտ հայկական էր:
ԱՐԻՆ պարախումբի այս տարուան ելոյթին յատկանշական էր ոճի փոփոխութեան հետ ընկերացող՝ արհեստագիտութեան ապաւինած բեմի խորքին պաստառային շարժող յարդարանքը, որ տարբեր էր անցնող տարիներէն:
Յատկանշական էր ելոյթին մէջ մեծ թիւով փոքրիկ պարողներու ներկայութիւնը, որ ոչ միայն ուրախանալի է մատղաշ սերունդին Հայ մշակոյթը փոխանցելու իմաստով՝ այլ նաեւ Պէյրութի Հ.Բ.Ը.Մ. Հ.Ե.Ը.ի հպարտութիւնը հանդիսացող ԱՐԻՆի յարատեւութիւնը երաշխաւորելու առումով:
Ուշագրաւ էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած պարը, որ սուգի պար չէր՝ այլ արտայայտչական ոճի պատկանող արդիական ու շատ խորհրդանշական պարային բեմականացում մը:
Արդարեւ ամբողջ պատկերը փիլիսոփայական ոճով մը կը ներկայացնէր՝ Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը անոր արդիւնքը եղող մնացորդացին եւ անկէ ծնած սերունդներուն հոգեբանութեան վրայ: «Զոհի հոգեբանութիւն»ը զոր տարիներ իր մէջ կրած է Հայ ժողովուրդը: Կախաղանի պարանի տեսքով փողկապները բաւական արտայայտիչ էին: Ամենախորհրդանշականը պարողներուն կողմէ գրատախտակին վրայ գծուող գծիկներն էին, որոնք կը ներկայացնէին բանտարկեալներու բանտին մէջ պատին վրայ իրենց տարիները եւ օրերը հաշուելու պատկերը, որ աւարտին հասաւ հարիւր գիծերու ամբողջացումով…: Պարուսոյցին առաջադրած փոխան «հոգեհանգիստ»ի «հոգեզննութիւն»ը յաջողեցաւ հանդիսատեսը առաջնորդել՝ «Զոհի հոգեբանութեան» բանտային կաշկանդումէն դէպի հոգեկան ազատագրում ուղղուելու անհրաժեշտութիւնը…:
Անհունօրէն գնահատելի է ԱՐԻՆի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գայիանէ Մածունեանը, մարդկային նուազագոյն սխալներով բեմ բարձրացուցած այս հսկայ խումբին գեղեցիկ ներկայացումին համար: Համբուրելի են ԱՐԻՆի անդամ իւրաքանչիւր պարուհին ու պարողը: Վարձքը կատար ԱՐԻՆ պարախումբի վարչութեան իր ատենապետուհիով ու անդամներով, գեղարուեստական խումբի անդամներով ու բոլոր այն անյայտ զինուորներով, որոնք քուլիսներու ետին քրտնաթոր աշխատանքով ԱՐԻՆի ելոյթի յաջողութեան սատարեցին: Ողջունելի է ԱՐԻՆը հովանաւորող Մեծ Միութիւնն ու Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը:
Յարատեւութիւն ու նորանոր յաջողութիւններ ԱՐԻՆին:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ