Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Տեսանկիւն. Մահուան «սիրահարութեան» թնճուկը

Նոյեմբեր 14,2015 23:09

Շատ մը լիբանանցիներու համակրանքը վայելող եւ անոնց միտքերուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող լիբանանցի երաժիշտ Զիատ Ռահպանի, Պըրժ Պարաժնէի պայթումին վերաբերող գրառում մը ըրած էր երէկ ընկերային համացանցի իր էջին վրայ՝ ըսելով, թէ ի՞նչ էր ակնկալուածը այդ պայթումէն՝ բացի նահատակներ խլելէ: Վա՞խ: Փախո՞ւստ: Զէնքերէ հրաժարո՞ւմ: Խօսքը ահաբեկիչներուն ուղղելով Ռահպանի կը գրէ. «Եթէ այս է ակնկալութիւնը՝ ապա շա՜տ կ՛ուզէք հասնելու ձեր նպատակին: Շա՜տ աւելի մեծ միջոցներու պէտք է դիմէք, որովհետեւ ձեր գործը այնպիսի հաւաքականութեան մը հետ է, որ ծնած է հաւատքի վրայ հիմնուած տեսութեամբ մը, ուր մահը՝ նահատակութիւն է ու փառք: Դուք տեսա՞ծ էք մէկը, որ չի վախնար մահէն ու կը ձգտի անոր՝ վախնայ պայթումէ»:

Ճիշդ կ՛ըսէ Ռահպանի իր տեսանկիւնէն: Սակայն եկուր տես, որ անձնասպանական այդ գործողութիւնը ընողը, ընողներն ու զայն որդեգրողները ճիշդ նոյն տեսութեան հետեւորդներն են՝ նոյնպէս մահուան սիրահար «նահատակներ» կամ «նահատակուելու ծրագիրներ»…:

Ինչպէ՞ս կարելի է նման հանգուցաւոր վիճակի մը լուծումներ գտնել: Նման վտանգաւոր՝ միջ համայնքային լարուածութիւններ հրահրողները, պահ մը մտածա՞ծ են անոր հետեւանքներուն մասին, թէ իրենք ալ տարուած են կրօնական կարծրատիպ տեսութիւններով: Հապա շրջանային այն մեծ պետութիւնները՝ իսլամական երկու մեծագոյն յարանուանութիւններու, իւրաքանչիւրը իրեն հաւատակիցը հովանաւորող երկու երկիրները, բնաւ չե՞ն հաշուարկած, որ նման կրակով խաղ մը կրնայ իրենց իսկ մատները այրել…:

Ամէն պարագայի այս բոլորին մէջ մեծագոյն վնասողը եղան Պէյրութն ու պայթումին վայրը գտնուող անմեղ քաղաքացիները, որոնք ի վերջոյ զոհերն են իրենց պորտալարն ու երկիրը տակաւին շրջանային հարցերուն հետ կապուած պահող լիբանանեան կողմին:

Պըրժ Պարաժնէի ահաբեկչական պայթումը եւ վերջին շրջանին Պէյրութի Հարաւային արուարձանին մէջ պատահող ահաբեկչութիւնները, ըստ մեզի անմիջական հակազդեցութիւններն են՝ պայթումի աշխարհագրական շրջանին վրայ գերիշխող ծանօթ զինեալ կողմին Սուրիոյ արհաւիրքին մէջ մխրճուած ըլլալուն՝ մերթ այնտեղ սրբատեղիներ պահպանելու կամ հաւատակիցներ պաշտպանելու եւ մերթ Լիբանանի սահմանները դուրսէն ապահովելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անիրական պատճառաբանութիւններով, խորքին մէջ սակայն ունենալով մէկ ու միակ նպատակ, որն է իրենց եւ իրենց հովանաւոր շրջանային երկրին դաշնակից՝ Սուրիոյ իշխանութիւնը ոտքի պահելը: Ինչո՞ւ տակաւին անտեսել կամ չգործադրել ատենին կնքուած համալիբանանեան «Պաապտայի Համաձայնութիւն»ը, զոր իր ձեւին մէջ Լիբանանը զերծ կ՛ուզէր պահել Սուրիոյ խնդիրներէն եւ խորքին մէջ խուսափիլ Լիբանանը շրջանային խնդիրներու անդունդն ի վար գլորելէ…:

Վերջապէս իւրաքանչիւրը իր կարգին Սուրիոյ մէջ կռուող կողմ մը պաշտպանելու ելած լիբանանեան քաղաքական կողմերուն համար, աւելի լաւ չըլլա՞ր եթէ փոխան նման արիւնալի արկածախնդրութիւններու՝ զբաղին Լիբանանի փողոցներու աղբերուն կամ անհաշուելի ընկերային հարցերու լուծումներ գտնելով…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30