Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սերունդներ կամրջող ու ազգային ոգի ներշնչող դարբնոց «Արին» պարախումբը

Նոյեմբեր 12,2015 12:14

Իւրաքանչիւր ցեղ, ազգ կամ ժողովուրդ կը հանդիսանայ իր նախնիներուն հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթի, ծիսական ու կրօնական hամոզմունքներու, ծագումնաբանական ու կենցաղային սովորութիւններու կրողը եւ փոխանցողը ներկայ ու ապագայ սերունդներուն:

Ժողովրդագրական պարը անցեալը ապագային կամրջող կարեւորագոյն ազդակներէն է: Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ստեղծէր է իր ազգային բնութագիրը արտայայտող պարային մշակոյթ, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով, ժամանակի ընթացքին ենթարկուէր է որոշ փոփոխութիւններու, սակայն իր հիմքին մէջ պահպաներ է միայն իրեն յատուկ շարժական, կառուցուածքային, երաժշտական եւ արտայայտչական բնագիրեր, որուն միջոցաւ զանազանուած է այլ ժողովուրդներէ:

Ժողովրդական պարերը տուեալ ժողովուրդի մը կենցաղի հիմնական մասը կազմած են: Այդ պարերուն միջոցաւ բացայայտուած են մարդոց տրամադրութիւնը, ճկունութիւնը եւ նազանքը: Ժողովրդական պարը նպաստած է ու կը նպաստէ՝ տարբեր սեռի պատկանող փոքրերուն եւ մեծերուն միջև ընկերային յարաբերութիւններու հաստատման: Անոնք դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան օրինակի համար աշակերտներու վարքին վրայ, որոնց մէջ կը սերմանայ ուշադիր և բարեհամբոյր վերաբերմունք ընկերներու հանդէպ: Պարերու գեղագիտական ազդեցութիւնը կ՛արտայայտուի նաև պարողներու արտաքին տեսքի նրբագեղութեան ձգտումին մէջ:

Հայկական Սփիւռքի մէջ այսօր կը գործեն 300է աւելի պարախումբեր: Անոնց գործունէութեան ընդհանուր նպատակներն են՝ գաղափարա-գեղարուեստական դաստիարակութիւնը, հայկական ժողովրդական պարերու պահպանումը, մշակութային մակարդակի զարգացումը և ամենակարևորը՝ հայապահպանութիւնը:

Պէյրութի ՀԲԸՄ-ՀԵԸի ԱՐԻՆ պարախումբը այս բոլորին մէջ ունի իր իւրայատուկ տեղը: 1950ական թուականներու Սարգիս Փասքալեանով սկիզբ առած ՀԵԸի պարախումբը, Լիբանանահայ պատմութեան ամենադժուարին օրերը գոյատեւելով եւ վերջին տարիներուն վերանուանուելով իր անդամներէն վաղամեռիկ Արին Չէրչեանի անունով, այսօր իր ներկայութիւնը կը պարտադրէ Լիբանանահայ մշակութային կեանքէն ներս:

ԱՐԻՆ իր հերթական ելոյթը պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին, որուն Լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութիւնը անհամբեր կը սպասէ: Այս առիթով եւ անոր ընդհանուր փորձի մը պահուն, առիթը ունեցանք զրուցելու պարախումբին արժանաւոր պարասոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Մածունեանին հետ, զոր 2007 թուականէն ի վեր բարձր արուեստը կը ներդրէ ԱՐԻՆ պարախումբի յաջողութիւններուն եւ յարատեւ վերելքին ի խնդիր՝ անոր 45 հոգինոց խումբին թիւը հասցնելով 160ի:

Գայիանէ Մածունեան ծնած է Լիբանան: Երկրորդական ուսումը ստացած է Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ: Փոքր տարիքէն անդամակցած է Համազգայինի նախ «Գայիանէ» պարի դպրոցին եւ ապա «Քնար» պարախումբին: 2000 թուականին մեկնած է Երեւան ստանալու համար բարձրագոյն կրթութիւն: Յաճախած է Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի պարարուեստի բաժինը, ապա Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական համալսարանի ֆիլմի բեմադրութեան բաժինը:

«Իւրաքանչիւր ստեղծագործողի համար դժուար է պատկերացնել արուեստի գործի մը մէջ կատարելիք աշխատանքներու յաջորդականութիւնը, մանաւանդ երբ այդ աշխատանքը ունի խմբային բնոյթ, որ կը պահանջէ կազմակերպչական մեծ ճիգեր եւ շեշտակիօրէն ուղղուած է կատարողի դաստիարակութեան», մեր հանդիպման ընթացքին վկայեց Գայիանէն:

ArinԸստ էութեան Սփիւռքի մէջ գործող բազմաթիւ պարախումբերու խաղացանկը կապուած է անոր ղեկավարին անհատական յատկանիշերուն հետ: Շատ պարագաներու մէջ պարուսոյցերու ոչ մասնագիտական մօտեցման որպէս արդիւնք, խումբերու մօտ կը բացակայի յստակ ժանրի մը առկայութիւնը, կ՛ընտրուի ոչ ճիշդ երաժշտական նուագակցութիւն, կը բացակայի բեմադրութիւնը, տարազները հայեցի չեն ըլլար, իսկ կազմերը անկայուն:

Գայիանէ Մածունեան երեւոյթը անզուգական է՝ վերոյիշեալ ընդհանրական բացթողումները ամբողջութեամբ լրացուցած ըլլալու փաստին մէջ: Իր տաղանդը եւ նկարագիրը յաջողած են արտադրելու՝ մարդկային նուազագոյն թերութիւններով յաջողակ եւ յարատեւող պարախումբ մը, օրհնութեամբն ու բացառիկ հոգատարութեամբը ՀԵԸի Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան:

Գայիանէէն իմացանք, որ ԱՐԻՆ Պարախումբը յառաջիկայ ելոյթին պիտի բեմ բարձրանայ 140 անդամներով, կազմուած տարբեր տարիքներու խմբակներէ: Բեմ բարձրացողներուն ամէնէն կրտսերները 7-8 տարեկան փոքրիկներ են, որմէ ետք մասնակիցները պատանեկանէն բարձրանալով մինչեւ համալսարանական՝ կ՛ընդգրկեն 25-26 տարեկան երիտասարդ-երիտասարդուհիներ:

«Այս ելոյթին յայտագիրը կազմուած է զանազան տեսակներու խառն պարերէ՝ հին ու նոր», ըսաւ պարուսոյցը: «Մենք այս ելոյթի փորձերը սկսած ենք անցեալ տարուընէ. ընդհանրապէս մեր ելոյթները տեղի կ’ունենան Մայիսին, սակայն կամքէ անկախ պատճառներով անցեալ Մայիսին չկրցանք ելոյթ ունենալ, որովհետեւ գաղութը գերզբաղ էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներով եւ մեր ելոյթը աւելի եւս պիտի խճողէր ծրագիրներու շարքը, առ այդ փորձերն ու պատրաստութիւնները կատարուած են երկար ժամանակէ ի վեր. միայն մեծերուն պարագան է, որոնք դասընթացքներուն սկսան այս տարուան Յունուար ամիսէն, որովհետեւ արդէն անոնք ելոյթ ունեցած էին «Սասնայ Ծրեր»ով», աւելցուց Գայիանէն:

Յետադարձ ակնարկով մը անդրադառնալով նախորդ ելոյթին մասին, որ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր յաւելեալ ճանաչողականութիւն եւ փայլք տալու ԱՐԻՆին ու նախապատրաստելու գալիքը՝ Գայիանէ հաստատեց, թէ «մէկ տարի առաջ, հայոց ազգային առասպել «Սասնայ Ծռեր»ուն հիման վրայ պատրաստուած «Արին» պարախումբի հսկայածաւալ բեմադրութիւնը՝ չէր կրնար ինքնանպատակ ըլլալ: Էպոսի հերոսներուն եւ գործողութիւններուն հետ շփումը, «Արին» պարախումբի անդամները դրաւ իրենց ներաշխարհն ու էպոսի իմաստային շերտերը պեղելու եւ քննելու կացութեան մէջ, յաճախ յանգելով մինչ այդ թաքուն մնացած ապրումներ եւ մտորումներ բացայայտելու սարսուռին: Այս կացութիւնը ստեղծուեցաւ իւրայատուկ պահու մը՝ 2015ի շեմին, երբ համայն հայ ժողովուրդը կը պաստրաստուէր նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը՝ ոգեկոչելու համար մեր անմեղ նահատակները, բայց նաեւ ամրագրելու համամարդկային քաղաքակրթութեան մէջ իր աւանդն ու շարունակուող դերակատարութիւնը»:

Մեր հանդիպման ընթացքին Գայիանէէն իմացանք, որ այս ելոյթը կ’ընդգրկէ 18 պարեր, որոնք պիտի կատարուին երկու արարներով: «Նկատի ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, բոլոր պարերը տխուր պիտի չըլլան, այլ Ցեղասպանութեան համար նախատեսուած է հիմնականին մէջ մէկ պար, որ Ցեղասպանութեան, սպանութեան պատկերներ պիտի չընդգրկէ», ըսաւ Գայիանէն: «Մեծ Եղեռնը ժամանակակից աշխարհին մէջ մեզ բնութագրող պատմական մեծ եղելութիւն մըն է, գործադրուած ըստ յստակ ծրագիրի մը, որ ունեցաւ հետեւանքներ՝ բոլորին կողմէ տեսանելի եւ հասկնալի: Սակայն Եղեռնին յաջորդող 100 տարիներուն ընթացքին, անկէ ծնած մտաւոր եւ զգացական փորձառութիւնները, անոր վերաբերեալ մեր մօտեցումներն ու ընկալումները՝ չեղան նոյնքան միանշանակ բոլորիս համար: ԱՐԻՆի ստեղծագործական կազմը ահաւասիկ այստեղ է, որ ինքզինք գտաւ մարտահրաւէրի մը առջեւ. բնական էր, որ պէտք է անդրադառնայինք այս նիւթին, բայց ինչպէ՞ս. ի՞նչ պէտք է ընէր մեր պարախումբը, ըստ իր կարելիութիւններուն եւ ունեցած միջոցներուն, որպէսզի պատշաճօրէն բեմ հանէր մեր ժամանակի հայ մարդուն վերապրումը ազգի ողբերգութեան՝ առանց զոհը դառնալու կրկնութիւններու որոգայթին եւ շատ անգամ նօսրացած զգացումներու գայթակղութեան», խորիմաստ եւ եզակի մէջբերումով մը աւելցուց Գայիանէն:

Հետեւաբար իմացանք, որ ելոյթը կը բաղկանայ տարբեր պարերէ, իսկ գալով խումբին, անոր մէջ միշտ ալ գերիշխող մեծամասնութիւնը աղջիկները եղած են, մանաւանդ պզտիկներուն պարագային, սակայն վերջերս սկսած է տղոց թիւը եւս աճ արձանագրել: Առ այդ ելոյթին բնոյթը աւելի կեդրոնացած է իգական պարերուն վրայ: «Աշխարհի գրեթէ բոլոր պարարուեստով զբաղող հաստատութիւններն ու պարախումբերը ունին նոյն խնդիրը, որովհետեւ մեծաւ մասամբ այն սխալ կարծիքը կազմուած է ժողովուրդին մօտ, որ պարը կը պատկանի աղջիկներուն եւ մանաւանդ հայկական պարի պարագային, մինչդեռ ունինք հայկական պարեր, որոնք ամբողջութեամբ հակառակն են ու յատուկ տղաներու պարեր են», յայտնեց Գայիանէն աւելցնելով, թէ «Հայկական պարի յատկութիւնը այն է, որ հոն յստակ զատորոշուած են իգական ու արական պարերու տարբերութիւնները»:

Իրաւացի է սիրելի Գայիանէն: Արդարեւ կա՞յ աւելի առնական պար քան Եարխուշտան՝ այդ ռազմական խաղ-պարը, որ տարածուած էր Սասնոյ մէջ: Պար մը, որուն անուանումը ունեցած է տարբեր մեկնաբանութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնը այն է, թէ Եարխուշտա կը նշանակէ զէնքի ընկեր՝ նկատի ունենալով, որ եար պարսկերէնի մէջ ոչ միայն սիրեցեալ կը նշանակէ, այլև ընկեր, իսկ խըշտ, խըշտիկ` կարճ նիզակ, զէնք…:

Բաւական դժուարին առաքելութիւն մըն է Գայիանէ Մածունեանի տարած աշխատանքը: Պարային բեմադրութիւններուն պէտք է մօտենալ ամենայն լրջութեամբ: Անհրաժեշտ է պարողներուն համար բեմադրել հասկնալի նիւթերով, կարելի եղածին չափ կարճ եւ ներթափանցող գործողութիւններով: Բեմադրութիւնները պէտք է արտացոլացնեն իրականութիւնը եւ ունենան դաստիարակչական նշանակութիւն: Այս հարցին մէջ Գայիանէն եւ ԱՐԻՆը հովանաւորողները գերազանցած են իրենք զիրենք: «Մեր մօտ սովորութիւն դարձած է ամէն տարի դաստիարակչական ծրագիր մը կիրառել, օրինակ պարը սորվելէն առաջ կը բացատրուի պարողներուն, թէ ըսենք ո՞վ է Արամ Խաչատուրեան: Մեր ելոյթները արուեստի ճամբով հոգեկան ապրումներ են. «Սասնայ Ծրեր»ու նպատակը ցոյց տալ էր, որ մենք ո՞ւր ենք, իսկ մեր այս նոր ելոյթին նպատակը պիտի ըլլայ «ո՞ւր պիտի երթանք»ը», ըսաւ Գայիանէն:

ՀԲԸՄի Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ ներկայ ըլլալով պարախումբի փորձին ու տեսնելով պարուսոյցին դրած գերագոյն ճիգը՝ մեզի պարզուեցաւ, որ հսկայական աշխատանք է տարուածը, որովհետեւ պարախումբը արհեստավարժներէ չի բաղկանար, ուր տարբեր տարիքներու պատկանող սիրողական մակարդակի տղաք ու աղջիկներ են, որոնք շաբաթը մէկ անգամ հանդիպելով պարի փորձեր կը կատարեն, մինչ շաբաթը մէկ անգամ փորձելով շատ դժուար է ելոյթի մը պատրաստուիլ:

Միութենական նման խումբով մը յաջողութեամբ հանդէս գալուն մէջ, զայն նիւթապէս ու բարոյապէս հովանաւորողներուն կողքին մեծ դեր ունի պարուսոյցը, որ թէ՛ պարախումբին եւ թէ գեղարուեստական բաժնի պատասխանատուն է, սկսած երաժշտութեան ընտրութենէն մինչեւ խումբերու բաժանումները: Պարուսոյցը կը հետաքրքրուի նաեւ բեմականացումով, բեմի զարդարանքով ու… տարազներով:

Ազգային տարազի պատմութիւնր բոլորովին այլ եւ խոր աշխարհ մըն է, որ կապուած է ոչ միայն արուեստի ու արհեստի, այլ նաև ազգագրութեան հետ, հետեւաբար անոր պատմութեան ուսումնասիրութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ մեզի ճանչնալու ոչ միայն սեփական, այլ տարբեր ազգերու բարքերն ու քաղաքակրթական մակարդակը: Հիմնուելով տարազի ձևին, կտորի որակին, գունային նրբերանգներուն վրայ՝ մենք կրնանք լիարժէք պատկերացում կազմել տուեալ ազգի մը գեղագիտական ճաշակին, արդիւնաբերական որակին և անոնց զարգացման ուղիներուն շուրջ, ինչպէս նաև նոյն ազգին մէջ ազգային հագուստի ունեցած ընկերային ազդեցութեան՝ ինչպէս տուեալ հասարակութեան տարբեր շերտերու, այնպէս ալ դրացի ազգերու ազզային հագուստներուն վրայ: Այս ամէնը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ նշմարելու անոնց թէ՛ զարգացման եւ թէ յառաջդիմութեան ու անկման ճանապարհը: Աւանդական տարազը ոչ միայն մարդու սեռային, դասային, ընկերային պատկանելիութիւնը ընդգծող ազգային ինքնութեան վկայագիրն է, այլ անոր հասարակական դիրքը բնութագրող խորհրդանիշ, նաեւ կայուն յատկանիշներով իւրայատուկ ազգագրական ցուցիչ է:

ԱՐԻՆի պարուսոյցը՝ Գայիանէն կը զբաղի նաեւ խումբին տարազներով, անոնց գծագրութեամբ ու կտորներու ընտրութեամբ…: «Խումբին տարազները կ’ընտրուին ըստ պարի եւ նոյնիսկ կան տարազներ, որոնք յատուկ կարուած կ’ըլլան միայն մէկ պարի համար, որովհետեւ երբ պար մը լաւ բեմականացած ըլլայ ամէն իմաստով՝ հանդիսատեսը այդ տարազը կ’ուզէ տեսնել միայն այդ պարին մէջ, որովհետեւ իր մտապատկերին մէջ այդ տարազը այդ պարին մէջ դրոշմուած կ’ըլլայ, սակայն այս մէկը դժուարութիւն կ’ը ստեղծէ մեզի համար, որովհետեւ պարախումբ մը պահելը, ելոյթի պատրաստուիլը, տարազ ու բեմ պատրաստելը հսկայական գումարներ կը պահանջեն եւ մենք ալ մեր պայմաններուն համաձայն առաւելագոյն ճիգով կ’աշխատինք», ըսաւ Գայիանէն:

Յառաջիկայ շաբաթավերջին ԱՐԻՆի նորագոյն ելոյթի տեւողութիւնը պիտի ըլլայ 1:30 ժամ: Այս տարի անոր բեմը լուսաւորումներով ու այլ արդիական սարքերով պիտի զարդարուի: «Անշուշտ օտար պարեր ալ ներառուած են շարժումներուն մէջ, սակայն մենք անոնց վրայ չենք ուզեր մեր շեշտը դնել, որովհետեւ Հայկական պարը այնքան մեծ մշակոյթ ունի եւ քանի որ մենք հայկական պարախումբ ենք, մեր նպատակն է հայկականը ներկայացնել ու սորվեցնել» ըսաւ Գայիանէ: «Երբ տարբեր ենթահողերով աշակերտներ հայկական պարախումբ կու գան՝ տգեղ կ’ըլլայ, որ ես հայկականը ձգելով իրենց այլ մշակոյթներու պարեր սորվեցնեմ», աւելցուց Գայիանէն:

«Եղեռնի 100րդ տարելիցին, նահատակներու յարգանքը՝ մեր սրտին, մենք նախընտրեցինք ընթանալ ոչ թէ հոգեհանգիստի, այլ հոգեզննութեան ճամբով: Մեր ելոյթը հոգեհանգիստի բնոյթ չունի. անիկա ճիչ ու բողոք է ընդդէմ ամօթին ու նաեւ շքահանդէս՝ սիրոյ, գոհութեան եւ կեանքով շնչելու ապրումին: Անիկա կը նշէ սփիւռքեան երրորդ սերունդի դիրքը՝ մեր պատմութեան ու ներկային նկատմամբ, անոր անցնելիք ուղին՝ անձնային ինքնութեան թէ հաւաքական խնդիրներու լուծման բարդ ու դժուարին գործընթացին՝ նոյնինքն կեանքին մէջ», մեր զրոյցը եզրափակեց Գայիանէ Մածունեան:

Յաջողութիւն եւ Յարատեւութիւն ԱՐԻՆ պարախումբին: Թող շատ ապրին զայն պահողները:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30