Նոյեմբեր 8-ին հրթիռակոծուած է Հալէպի Նորգիւղի Ազգ. Զաւարեան վարժարանի թաղամասը։ Ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակման թիրախ դարձած շրջանը նիւթական վնասներ կրած է։ Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի Գանձասարը։
Բարեբախտաբար զոհեր չկան՝ թեթեւակիօրէն վիրաւորուած է մէկ հայորդի։