Կիրակի, 8 Նոյեմբերի դրութեամբ՝ Հալէպ հերթականօրէն սկսաւ վառելանիւթ եւ պարեն հասնիլ։ Ջուրը հերթաբար հասանելի սկսաւ դառնալ քաղաքի համարեա՛ բոլոր թաղամասերուն, մինչ ելեկտրականութիւնը աւելի քան 16 օրէ ի վեր անհասանելի է՝ բախումներու հետեւանքով ելեկտրակայաններու վնասուած ըլլալուն եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն նորոգիչ խմբակներու տուեալ կայաններ մուտքը արգիլելուն պատճառով, կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։
Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի կայքում