Իր պաշտօնէութեան ժամանակ առասպելական հարստութեան տիրացած նախարար մը, երբ կը խօսի կաշառակերութեան ու փտածութեան մասին, չես կրնար զսպել խնդուքդ: Աւելի ճիշդ՝ ցաւագին քրքիջդ:
Հայաստանի ֆինանսներու նախարար Գագիկ Խաչատրեանն է այս անգամ խնդրոյ առարկայ պաշտօնեան: Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ անոր ելոյթը գնահատելու պարտաւորուած կը զգանք:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ քարոզչական գործին մէջ զգայնութիւն կամ որոշ հմտութիւն ունեցող խորհրդականները պէտք է յուշեն իրենց ղեկավարները, որ այսպիսի անյարմար վիճակներ չստեղծուին ու ըստ կարելւոյն՝ Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ հարստութիւն դիզած ֆինանսներու նախարար Գագիկ Խաչատրեանի նման պաշտօնեաներ խուսափին հրապարակային ելոյթներէ, նոյնիսկ՝ փորձեն Ազգային ժողովի սրահ չմտնել:
Այլապէս, եկէք ու օտար ներդրողները համոզեցէք, որ Հայաստանի մէջ ձեռնարկութիւն ստեղծելու համար ազատ դաշտ կայ, ու որեւէ պետական կառոյց պիտի չխոչընդոտէ իրենց գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ, Խաչատրեանի բառերով՝ «փոփոխութիւններ կան»:
Կարդացեք նաև
Բայց Գագիկ Խաչատրեան ի՛նչ մեղք ունի, եթէ նախագահ Սարգսեանը, քաղաքական յստակ նկատառումով ահաբեկելու եւ ոչնչացնելու համար իրեն մրցակից ըլլալու յանդգնութիւն ցոյց տուած Հայաստանի քաղաքացի մը՝ անոր տնտեսական գործունէութիւնը ստուգելու հրահանգ կու տայ ֆինանսներու նախարարին: Փա՜ռք Աստուծոյ, որ նախագահն ու այդ գործատէրը (Գագիկ Ծառուկեան) հաշտուեցան ու ստուգումները լուրջ խախտումներ չյայտնաբերեցին: Չէ՛, տակաւին մէկ գործարան կը մնայ ստուգելու, այդ ալ՝ հաւանաբար կը պահուի հետագայ ըմբոստութիւնները ճզմելու համար:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում