Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնը նշուեցաւ հանդիսութիւններով եւ դասարանային զանազան աշխատանքներով, որոնք ընդգրկեցին ամբողջ աշակերտութիւնը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարաններ:
Մանկապարտէզին մէջ աշակերտները կատարեցին ձեռային աշխատանքներ, գլխաւորաբար այբուբենի թեմաներով, Թարգմանչաց տօնը եզրափակելով Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշարձան այցելութեամբ:
21 Հոկտեմբերին Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ կայացած նախակրթարանի Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը յատկանշուեցաւ աշակերտական ամենալայն մասնակցութեամբ: Շուրջ 100 աշակերտներ բեմ բարձրացան եւ աղօթքի, ասմունքի, երգի ու բեմական ներկայացումներու բծախնդրօրէն մշակուած շարքով մը մեծարեցին Ոսկեդարու Թարգմանիչները: Հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ վարժարանի Ծիծեռնակ երգչախումբը, խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քեշիշեանի:
Միջնակարգի ու երկրորդականի բաժիններուն մէջ, հանդիսութիւններու կազմակերպման համար շեշտը դրուած էր աշակերտներու անհատական եւ խմբային ինքնուրոյն աշխատանքին վրայ: Այդ առումով, Թարգմանչաց տօնը առիթ ծառայեց, որ աշակերտներ կատարեն պրպտումներ՝ տարբեր թեմաներով եւ անոնց արդիւնքները ներկայացնեն իրենց հասակակիցներուն եւ ուսուցիչներուն, առանձնաբար տեղի ունեցած երկու հանդիպումներու ընթացքին, 22 Հկտեմբերին: Աշակերտներ օգտագործեցին արհեստագիտական տարբեր միջոցներ՝ ներկայացնելու համար լսատեսողական նիւթեր Գիրերու գիւտին, Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ Թարգմանիչներու վաստակին մասին:
Կարդացեք նաև
Բոլոր ձեռնարկներուն եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Տնօրէնը աշակերտները հրաւիրեց անդրադառնալու Հայ մշակոյթի եւ գրականութեան հարստութեան եւ շեշտեց աշակերտներու՝ այդ հարստութեան արժանի ժառանգորդները ըլլալու պարտականութիւնը: Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայերէնի անաղարտ պահպանութեան եւ գործածութեան կարեւորութեան, դիտել տալով, որ հայ մշակոյթին եւ լեզուին հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը պէտք է դրսեւորուի բոլորի կեանքին մէջ առօրեայ դրութեամբ եւ ոչ միայն առիթէ առիթ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի