Հալէպի մէջ երկու օրէ իվեր ելեկտրականութիւնը անջատուած է՝ ելեկտրամատակարարման կեդրոնի վնասուելուն հետեւանքով։ Ջուրը եւս անհասանելի է երկու օրէ ի վեր։ Հալէպը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը՝ Խանասէրը ցարդ կը մնայ փակուած, որուն հետեւանքով վառելանիւթ եւ սննդամթերք չի հասնիր քաղաք: Հալէպ մտնելն ու քաղաքէն դուրս գալը անհնար է, «Եռագոյն»-ին կը յայտնէ «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան:
Սննդամթերքի սակագիները աստիճանաբար կը բարձրանան, վառելանիւթի տագնապին արդիւնքով ելեկտրականութիւն հայթայթող գործիքները ( ամբերները) աւելի նուազ ժամերով ելեկտրականութիւն կը տրամադրեն բնակչութեան։ Սուրիական բանակը կ՚աշխատի ականազերծել ճանապարհն ու ետ մղել զինեալ խմբաւորումները, որոնք օրեր առաջ թափանցած էին Խանասէրի կարգ մը շրջաններն ու ականապատած ճանապարհը։