Սուրիա. arevelk.am. Տարեց Հայ կին մը սպաննուած է «Ժըսր Ալ Շուղուր»- Եագուպիյէ շրջանին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է «Ալ Նըսրա» ճակատի գործունէութիւնը դատապարտող Ֆէյսպուքեան էջի մը վրայ:
Նշենք, որ հայուհին կը կոչուի Մարին Մուսա Փանոս ու 60 տարեկան է: Ահաբեկիչները ձայնարգել ատրճանակով կրակ բացած են հայ կնոջ վրայ, որ մահացած է աւելի ուշ: