Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Քեսապի Մէջ

Հոկտեմբեր 23,2015 17:39

yerakouyn.com. Ս.Օ.Խա­չի «ՄԵՂ­ՐԻ» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պութ­եամբ՝ Ուր­բաթ 9 Հոկ­տեմ­բեր 2015-ին, «Սար­դա­րա­պատե սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ միջդպ­րո­ցա­կան ձեռ­նարկ, մաս­նակ­ցու­թեամբ Քե­սա­պի երեք վար­ժա­րան­նե­րու՝ Ազգ. Ու­սում­նա­սի­րաց Մի­աց­եալ ճե­մա­րա­նի, Հայ Աւետ. Նա­հա­տա­կաց եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Բա­րե­յու­սոյ վար­ժա­րան­նե­րու աշա­կեր­տու­թեան, ներ­կա­յութեամբ Քե­սա­պի հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն, թա­ղա­կա­նու­թեան, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեանց, ու­սուց­չա­կազ­մե­րուն եւ ծնող­նե­րուն:

Օր­ուան հան­դի­սա­վար Թա­լին Ապ­տուլ­եան իր խօս­քին մէջ ըսաւ, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը դա­րեր շա­րու­նակ ապ­րած է ցիր ու ցան, եր­բեմն պան­դուխտ, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, բայց ուր որ ապ­րած է եղած է այդ երկ­րին հա­րա­զատ զա­ւա­կը, հա­ւա­տա­րիմ քաղաքացին ու շի­նա­րար տար­րը: Նախ հիմ­նած է իր հա­ւատ­քի խո­րա­նը` եկե­ղե­ցին, ապա իր իմաս­տու­թեան տա­ճա­րը` հայ դըպ­րո­ցը:

Վար­չու­թեան Փ. Ատե­նա­պե­տու­հի Յաս­միկ Սաղտըճ­եան բաց­ման խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ, թէ Ս.Օ.Խա­չի «Մեղ­րի» մաս­նա­ճիւ­ղը հաս­տա­տա­կամ քայ­լե­րով կը թե­ւա­կո­խէ իր 85-ամ­եա­կը քայլ պա­հե­լով օր­ուան պա­հանջք­նե­րուն, դառ­նա­լով տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն հայ գա­ղու­թէն ներս: Բնաբան ու­նե­նա­լով «ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՒՐ­ԴԻՆ ՀԵՏ, ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՒՐ­ԴԻՆ ՀԱ­ՄԱՐ» ան իր մար­դա­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն կող­քին, կը հան­դի­սա­նայ հայ ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան տօ­նե­րու վե­րար­ժե­ւո­րողն ու տա­րա­ծո­ղը, հայ մշա­կոյ­թի պա­հա­պան հրեշ­տա­կը:

Ըն­կե­րու­հին անդ­րա­դար­ձաւ նա­եւ հայ գի­րե­րու գիւ­տի մե­ծաս­քանչ­նե­րուն եւ թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րուն, որոնք իրենց նուի­րա­կան աշ­խա­տան­քին իբ­րեւ ար­դիւնք կն­քե­ցին մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնը ու դար­ձան լու­սե­ղէն տա­ճար հայ միտ­քին ու հոգի­ին: Ան եզ­րա­փա­կեց իր խօս­քը ըսե­լով, թէ եզա­կի ազ­գեր են, որոնք կր­ցած են ոչ միայն գո­յա­տե­ւել, այլ նա­եւ իրենց ար­ժէ­քա­ւոր տե­ղը ապա­հո­վել հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ: Հայ ազ­գը փաս­տօ­րէն կը պատ­կա­նի այն փոք­րա­թիւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու փաղանգին, որ կրե­լով դա­րե­րու իրեն բա­ժին հա­սած ծանր բե­ռը, ամ­րա­կուռ կնի­քը ձգած է հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կոյ­թի եւ պատ­մու­թեան կեր­տու­մին մէջ: «Կա­րե­լի չէ ար­ժե­ւո­րել մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին բե­րած նպաս­տը առանց ար­ժե­ւո­րե­լու եւ գնա­հա­տե­լու հայ թարգ­մա­նիչ­նե­րը, որոնք հայ գի­րե­րու գիւ­տով զին­ուած, իրենց տք­նա­ջան աշ­խա­տան­քով, հայ մար­դուն առ­ջեւ բա­ցին ոչ միայն Աստ­ուա­ծա­շունչ մատ­եա­նը այլ իրենց զո­հո­ղու­թեամբ հար­թե­ցին ողջ ազ­գի մը յա­րա­տեւ­ման ու գո­յու­թեան լու­սա­ւոր ճա­նա­պար­հը»,- ըսաւ ան:

Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րին մաս­նակ­ցե­ցան Քե­սա­պի երեք վար­ժա­րան­նե­րու աշա­կերտ­նե­րը, որոնք իրենց քաղց­րահն­չիւն եւ հա­յա­շունչ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով եւ խմ­բերգ­նե­րով փա­ռա­բա­նե­ցին Ս. Մես­րոպ Մաշ­տո­ցը եւ մեր թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րը ինչ­պէս նա­եւ մե­ծա­րե­ցին հա­յե­րէն լե­զուն եւ հայ դպ­րո­ցը:

Օր­ուան բա­նա­խօս Սալ­բի Թի­թիզ­եան պատ­մա­կան ակ­նար­կով ներ­կա­յա­ցուց Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի, Սա­հակ Պար­թե­ւի եւ բո­լոր թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րուն կա­տա­րած հս­կայ աշ­խա­տան­քը: Ան ըսաւ, որ Թարգ­ման­չաց տօ­նը նշե­լով մենք կը տօ­նենք հայ լեզ­ուի, գրա­կա­նութ­եան, մշա­կոյ­թի, ար­ուես­տի եւ մեր լու­սա­ւո­րիչ­նե­րու յի­շա­տա­կը: Հա­զա­րա­ւոր տա­րի­ներ ան­ցան բայց անոնք կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ, որով­հե­տեւ ապ­րած են հա­ւատ­քով, գոր­ծով եւ ան­մա­հաց­նե­լու նպա­տա­կով:

Ան աւել­ցուց ըսե­լով. «Հայ ազ­գը կը դի­մագ­րա­ւէ նո­րա­նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ: Այս օրե­րուն Մի­ջին Արե­ւել­քը բա­րո­յա­կան ան­կա­յու­նութ­եան առ­ջեւ է: Քա­ղա­քա­կիրթ եր­կիր­նե­րու չա­փա­նիշ­նե­րը կը ներ­խու­ժեն մեր տու­նե­րը: Մեր քրիս­տո­ն­է­ա­կան չա­փա­նիշ­նե­րը յար­ձա­կու­մի կ՛են­թարկ­ուին: Մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է ապ­րիլ Թարգ­ման­չաց փոր­ձա­ռու­թիւնը: Հայ դպ­րո­ցը Թարգ­ման­չա­ցի ամէ­նէն գե­ղե­ցիկ իրա­գոր­ծում­նե­րէն մէկն է, որ մենք պէտք ու­նինք առողջ մթ­նո­լորտ մը ստեղ­ծե­լու, որ­պէս­զի հայ աշա­կեր­տը ստա­նայ հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւն եւ կր­թու­թիւն:

«Մենք, որ­պէս ծնողք եւ դաստ­ի­ա­րակ­ներ, պէտք է մեր զա­ւակ­նե­րուն սոր­վեց­նենք հա­յե­րէն եր­գը, երաժշ­տու­թիւնը, գրա­կա­նու­թիւնը եւ հայ­կա­կան պա­րը: Եկե­ղեց­ւոյ դե­րը կը կա­յա­նայ քրիս­տո­ն­է­ա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան ծրա­գիր հայ­թայ­թե­լով: Հայ լե­զուն կը մնայ գո­յա­պայ­քա­րի գլ­խա­ւոր զէն­քը, իսկ հայ դպ­րո­ցը` ինք­նա­պաշ­պա­նութ­եան ամ­րո­ցը»:

Ան եզ­րա­փա­կեց իր խօս­քը հե­տեւ­եալ տո­ղե­րով. «Թարգ­ման­չաց Տօ­նը եւ մեր Ս. Թարգ­մա­նիչ­նե­րը այ­սօր ալ ներշնչ­ման աղ­բիւր են ամէն հա­յու ամէ­նու­րեք մա­նա­ւանդ ձե­զի, սի­րե­լի՛ աշա­կերտ­ներ: Երա­նի թէ իւ­րա­քան­չիւրս պար­տա­ւո­րու­թիւն զգայ բան մը աւելց­նե­լու անոնց թո­ղած կտա­կին վրայ կամ ար­ժա­նա­ւոր ժա­ռան­գոր­դը հան­դի­սա­նայ անոնց թո­ղած ան­ժա­ման­ցե­լի աւան­դին»:

Ձեռ­նար­կը իր աւար­տին հա­սաւ Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տ. Նա­րեկ քհնյ. Զե­րէնց­եա­նի պատ­գա­մով եւ պահ­պա­նի­չով:

Նայիրի Մելքոնեան, Քեսապ

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031