Դպրոց մը փակեցինք, ահա՛ եւ հայկական թերթ մըն ալ փակեցինք՝ «Նոր Հայաստան»ը: Անկասելի նահանջի նշաննե՞ր են ասոնք… Դպրոց ու թերթ պահելը՝ երկուքն ալ զոհողութիւն կը պահանջեն, ուժերու գերագոյն լարումով աշխատանք կը պահանջեն:
Եթէ պատկառելի անուն ունեցող միութիւն մը աշխարհով մէկ կը յայտարարէ իր անկարողութիւնը դպրոցի նման կարեւորագոյն հաստատութիւն մը պահելու, ապա ի՞նչ պիտի ըսենք անհատական նախաձեռնութեամբ հայկական օրաթերթ մը հրատարակելու խենթութիւնը ունեցող Վահան Ճանսզեան անուն հայորդիին, որ այլեւս պարտաւորուած կը զգայ դադրեցնելու ապերախտ իր տքնութիւնը:
Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ կրնա՞ք երեւակայել համայնքի կենսունակութեան հանդէպ հաւատքի որեւէ արտայայտութիւն: Բարոյալքիչ այս միջավայրէն ներս կարելի կ՛ըլլա՞յ նոր ծրագիրներու մասին մտածել:
Կարդացեք նաև
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում